Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զինծառայութեան Մասին Օրէնքի Դէմ Պայքարող Ուսանողները Հացադուլ եւ Նստացոյց Սկսած են

Զինծառայութեան Մասին Օրէնքի Դէմ Պայքարող Ուսանողները Հացադուլ եւ Նստացոյց Սկսած են

by MassisPost

«Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» առաջին ընթերցմամբ ընդունուած օրէնքի նախագիծին դէմ դասադուլի միջոցով պայքարող ուսանողներէն հինգը անցած են պայքարի ծայրայեղ միջոցի․ փակուելով Ֆիզիքայի բաժնի լսարաններէն մէկուն մէջ, երիտասարդները անժամկէտ հացադուլ յայտարարած են:

Հացադուլաւորներու շարքին է նաեւ «Յանուն գիտութեան զարգացման» նախաձեռնութեան համակարգող Դաւիթ Պետրոսեանը:

«Մենք փորձում ենք սրանով ցոյց տալ, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է վստահ լինի, որ իր ձայնով, իր խօսքով կարող է ազդեցութիւն ունենալ», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանած է Պետրոսեան: – «Հինգ հոգուց չորսը ծառայած ենք: Սրանով փորձում ենք եւս մէկ անգամ ապացուցել շարժման ազնուութիւնը, որ շարժումը արդարութեան համար է»:

Դաւիթ Պետրոսեան «Ազատութեան» լրագրողի հարցերուն պատասխանած էր դրան ետեւէն, ըսած է, որ որեւէ պարագայի լսարանի դուռը պիտի  չբանան:

«Մենք սկզբունքայնօրէն որոշել ենք, որ դուռը պէտք է չբացուի հաշուի առնելով շատ հանգամանքներ․ չփորձեն մեզ դուրս հանել կամ ասեն՝ դադարեցրէք: Դրա համար որոշել ենք ոչ մի դէպքում դուռը չբացել: Եթէ ինչ-որ մարդիկ ուզենան մեզ միանալ, նոյնիսկ այդ դէպքում դուռը չի բացուելու», – պարզաբանած է ան:

«Այս պահի դրութեամբ հացադուլը անժամկէտ է՝ կախուած իրադարձութիւնների զարգացումից», – նշած է Դաւիթ Պետրոսեանը, մանրամասնելով, որ պիտի գիշերեն լսարանին մէջ, իրենց հետ տարած են ջուր, հեռախօսներ եւ  լիցքաւորիչներ, մէկ բարձ, երկու ներքնակ, ծխախոտ եւ թաց անձեռոցիկ: Հացադուլը կը դադրեցնեն, երբ օրինագիծը կասեցուի:

Դաւիթ Պետրոսեան շեշտած էր, որ խնդիրը ոչ թէ ուսանողներու եւ Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավարութեան միջեւ է, այլ՝ ուսանողներու եւ իշխանութիւններու, մասնաւորապէս՝ Ազգային ժողովի: Այդուհանդերձ, պետական համալսարանի ղեկավար կազմը կը պնդէր, թէ ցոյցի մասնակիցները անցած են պայքարի անընդունելի միջոցներու, կը խոչընդոտեն դասերը:

Հացադուլին զուգահեռ, հացադուլի լսարանի պատուհանին տակ ուսանողները նստացոյց իրականացուցած են՝ զօրակցելով ընկերներուն: Անոնք մտադիր եղած են գիշերել համալսարանի բակին մէջ՝ հսկելու, որ հացադուլի լսարան անվտանգութեան աշխատակիցներ կամ ոստիկաններ մուտք չգործեն:

Օրուայ երկրորդ կէսին ցոյցը տեղափոխած են նաեւ խորհրդարանի առջեւ, ուր օրէնքի նախագիծ կը քննարկէին:

Օրինագիծի առաջին ընթերցման կողմ քուէարկած «Հանրապետական», «Դաշնակցութիւն» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւններէն որեւէ պատգամաւոր ուսանողներուն ընդառաջ չէ եկած:

Նախագիծին դէմ հանդէս եկող միակ՝ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Սարգսեանը մօտեցած է ցուցարարներուն՝ զօրակցութիւն յայտնելու:

«Դահլիճում նստած՝ ականջակալ դրած հետեւում էի, թէ դուք ինչ էք անում, որովհետեւ համարում եմ սա աւելի կարեւոր», ֊ ցուցարարներուն ըսած է Արամ Սարգսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment