Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ճեմալ Փաշայի Թոռնիկը Դատապարտուած է Մէկ Տարի Երեք Ամիս Ազատազրկման

Ճեմալ Փաշայի Թոռնիկը Դատապարտուած է Մէկ Տարի Երեք Ամիս Ազատազրկման

by MassisPost

Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչ Ճեմալ փաշայի թոռնիկը՝ Հասան Ճեմալը «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն» իրականացնելու մեղադրանքով դատապարտուած է 1 տարի եւ 3 ամիս ազատազրկման, ինչպէս նաեւ պարտաւորուած է վճարել տուգանք 6000 թրքական լիրայի (շուրջ 1500 ԱՄՆ տոլար) չափով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, այս մասին յայտնած է թրքական «Հուրրիյէթ» պարբերականը:

Ճեմալի դէմ մեղադրանք ներկայացուած էր ամիսներ առաջ, սակայն դատարանը անոր արդարացուցած էր:

Բողոքարկումէն ետք դատարանը նոր վճիռին մէջ որոշած է, որ Ճեմալ պարբերականներէն մէկուն մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ, գրելով Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող Քիւրտական բանուորական կուսակցութեան (PKK) մասին, գովաբանած է անոնց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment