Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուսանողները Պայքարը կը Շարունակեն Խորհրդարանի Շէնքին Մօտ

Ուսանողները Պայքարը կը Շարունակեն Խորհրդարանի Շէնքին Մօտ

by MassisPost

Տարկէտման իրաւունքի սահմանափակման դէմ պայքարող ուսանողները երէկ կրկին փողոցն էին։

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Պաշտպանութեան եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ, դասադուլը նախաձեռնած խումբի անդամ Դաւիթ Պետրոսեան ըսած է, որ չի կարծեր թէ այս պաշտօնեաներուն հետ դարձեալ կը հանդիպին․ – «Եթէ իրենք ինչ-որ յայտարարութեամբ հանդէս գան, որտեղ իրենց դիրքորոշման մէջ ինչ-որ փոփոխութիւն եղած լինի, իհարկէ կարող ենք հանդիպել: Բայց եթէ տեսակէտների փոփոխութիւն չի լինի, անիմաստ է, իմ կարծիքով, հանդիպումը»:

Դասադուլի չորրորդ օրը կրկին Երեւանի պետական համալսարանի գլխաւոր մասնաշէնքի դիմացէն մեկնարկած է։ Այնուհետեւ ուսանողները շրջած են բաժիններու մասնաշէնքերով, եղած են Տնտեսագիտական, Բժշկական համալսարանները՝ կոչ ընելով ուսանողներուն միանալ դասադուլին։

Երթի աւարտին ուսանողները պայմանաւորուած են երեկոյեան հանդիպիլ խորհրդարանի շէնքին մօտ։

Երէկ ժամը 18-ին Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովին կողմէ քննարկուած է «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին»՝ առաջին ընթերցմամբ արդէն ընդունուած օրէնքի նախագիծը:

Դաւիթ Պետրոսեան ըսած է, որ յոյս ունին մի քանի ներկայացուցիչներով մասնակցիլ նիստին․ – «Մեր կարծիքով, մեր առաջարկը հիմնաւորուած է: Յանձնաժողովը ներկայացուցչական մարմին է, նրանք իրենց երեւի պէտք է ուրախ լինեն, որ ուսանողները նախաձեռնութիւն են յայտնում, որպէսզի մասնակցեն, իրենց գաղափարները նոյնպէս առաջ քաշեն: Խոչընդոտներ պէտք է որ չառաջանան: Ազգային ժողով գնալու նպատակը հենց դա է»:

Նախաձեռնող խումբի անդամը ըսած է, որ պաշտօնեաներու հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումէն չեն հիասթափուած, եթէ  խորհրդարանի յանձնաժողովի նիստն ալ ոչինչ չկարենայ փոխել, միեւնոյնն է, պայքարը պիտի շարունակեն, որովհետեւ կը հաւատան, որ այս օրէնքի նախագիծի հետ կապուած պաշտօնեաները իրենց կարծիքը պիտի փոխեն․ – «Էֆէքթիւ աշխատանքի մէջ մենակ ցոյցերը չեն մտնում: Մենք արդէն մտածում ենք մեր շրջանակները մի քիչ մեծացնելու մասին, որովհետեւ այս խնդիրը չի վերաբերում միայն ուսանողներին, այս խնդիրը վերաբերում է Հայաստանի կրթական, գիտական կեանքին, բոլոր մտահոգուած մարդկանց․․․ դասախօսներն են ներգրաւուել, շատ ծնողներ են յայտնում իրենց աջակցութիւնը»:

«Էդ յետաձգումը մեզ համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի», – «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած է Դաւիթ Պետրոսեանը: – «Մենք արձանագրում ենք փաստ, որ մենք ժամանակ ունենք աշխատանքները խորացնելու համար․․․ Այդ ժամանակը փորձելու ենք օգտագործել հնարաւորինս էֆէքթիւ: Մենք հենց վաղուանից սկսելու ենք աշխատել այն կազմակերպութիւնների հետ, որոնք նոյնպէս մտահոգուած են այս խնդրով»:

Դասադուլի մասնակիցները խոստացած են շարունակել ցոյցերը, հանգստեան օրերուն կրթական հաստատութիւնները չեն աշխատիր, ուստի դասադուլը պիտի շարունակեն երկուշաբթի օրուընէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment