Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ականները Դէմ են Բանակէն Խուսափածներուն Բանտ Ուղարկելուն

ՀՀԿ-ականները Դէմ են Բանակէն Խուսափածներուն Բանտ Ուղարկելուն

by MassisPost

Իշխող Հանրապետականի պատգամաւորները մտահոգիչ կը համարեն Պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկութիւնը, ըստ որուն, պէտք է վերջին անգամ հնարաւորութիւն տալ բանակէն խուսափած եւ արտերկիր գտնուող 27 տարին լրացած քաղաքացիներուն գումար վճարելով ազատուիլ քրէական հետապնդումէն եւ վերադառնալ հայրենիք։

Մասնաւորապէս՝ պաշտպանութեան նախարարութեան այս առաջարկութիւնը լուրջ հակազդեցութիւն առաջացուցած է իշխող հանրապետականներու մօտ: Անոնք նաեւ անընդունելի համարած են նախարարութեան միւս առաջարկը՝ բանակէն խուսափելու համար սահմանուած վճարի չափը զգալիօրէն մեծցնել՝ հասցնելով մօտ 9 միլիոն դրամի: Պաշտպանութեան փոխնախարարը «Ազատութեան» հետ զրոյցի  ժամանակ նշած է՝ իրենք դէմ չեն ըլլար, եթէ օրէնքի նախագիծը հեղինակած պատգամաւորները ամէն զօրակոչի համար նախատեսուած 500 հազար դրամը նուազեցնեն, սակայն Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ պնդել, որ յետագային վերացուի փողով բանակէն խուսափելու հնարաւորութիւնը:

«Այդ քայլն այլեւս չլինի եւ օրէնքի եզրափակիչ դրոյթում նշուի, որ էս օրէնքի ժամկէտի լրացման դրոյթն այլեւս վերանայման ենթակայ չէ։ Մենք առաջարկում ենք, որ այդտեղ [2017 թուականի դեկտեմբերի 1] արդէն մենք կանգ առնենք եւ այլեւս չշարունակենք», – ըսած է Զաքարեան։

Նշենք, որ խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնաժողովը «Սահմանուած կարգի խախտմամբ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացիներու մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու նախագիծը եւս մէկ անգամ պիտի քննարկէ այս ուրբաթ, ուր ալ պարզ պիտի դառնայ արդե՞օք իշխող Հանրապետականի պատգամաւորները կ’ընդունին Հանրապետական, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի առաջարկները:

Խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ, Հանրապետական, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետի նախկին տեղակալ Ֆելիքս Ցոլակեան բաւական կոշտ հարցադրումներ ըրած է, թէ արդեօք ի՞նչ է նախարարութեան ուզածը՝ դուրսը գտնուող երիտասարդներուն բա՞նտ ուղարկել։
Հանրապետական մէկ այլ պատգամաւոր, նախկին ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեանն ալ անթոյլատրելի համարած է առաջարկը, ըսելով, թէ «այլ լուծում է պէտք գտնել, ոչ թէ վզին տալ՝ տանել-մտցնել բերդ»:

«Ինչի՞ չէք ուզում օրէնքի մէջ եւս մի կէտ նախատեսել դրանց վերաբերող, ոչ թէ վզին տանք ու տանենք-կոխենք բերդ», – ըսած է Սարգսեան՝ շարունակելով. – «Փողը չի մուծում, եկել է՝ «փող չունեմ», քիասիպ հազիւ եկել-հասել է Հայաստան, 28 տարեկան է, մենք իրան տանում ենք բերդ, դատում ենք մի 7 տարի, 5 տարի՝ եկէք իրենց էլ մի շանս տանք»։

Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ, Հանրապետական մէկ այլ պատգամաւոր Կորիւն Նահապետեանն ալ անընդունելի համարած է պաշտպանութեան փոխնախարար Արտակ Զաքարեանի առաջարկը՝ օրէնքով սահմանափակել ժամկէտներու յետագայ երկարաձգումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment