Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ-ն Զգուշացուցած է Հայաստանին

ԱՄՆ-ն Զգուշացուցած է Հայաստանին

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռոպերթ Սեկուտան ըսած է, որ հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի նոր համանախագահ Էնտրիու Շոֆերի հետ: «Մենք միտքեր փոխանակեցինք այն մասին, թէ ինչ քայլեր անհրաժեշտ է ձեռնարկել գործընթացի յառաջխաղացման համար: ԱՄՆ-ի մէջ նոր վարչակազմը որոշումներ  կայացուցած է, թէ ինչպէս հարկաւոր է շարունակել տուեալ գործընթացը», ըսած է ան: Սեկուտան նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ժընեւեան հանդիպումը դրական քայլ է, բայց անհրաժեշտ է շարունակել քայլերը այդ ուղղութեամբ, կատարել լրացուցիչ աշխատանք:

Ինչ որոշումներ կայացուցած է ԱՄՆ նոր վարչակազմը գործընթացը շարունակելու համար՝ դեսպանը չէ մանրամասնած: Մէկ ամիս առաջ ԱՄՆ պետքարտուղար Ռեքս Թիլերսըն հրապարակած էր արցախեան կարգաւորման իր տեսլականը՝ աջակցելով քոնկրէսի դիրքորոշման՝ Արցախի ամբողջական ականազերծման, դիպուկահարները հեռացնելու եւ դիտարկման մեխանիզմներու ներդրման հարցին վերաբերեալ: Պէտք է ենթադրել, որ այս երեք կէտերն ալ վարչակազմի որոշումներն են ներկայ փուլին: Անկէ ետք դիտարկման մեխանիզմներու մասին խօսած էր նաեւ ամերիկացի նոր համանախագահ Շոֆերը:
Պետքարտուղարը այս մասին յայտարարած էր այն ժամանակ, երբ Վիեննայի օրակարգը կարծես թէ «մոռցուած» էր կողմերու հանդիպումներու վերաբերեալ հաղորդագրութիւններուն ու Մինսքի խումբի յայտարարութիւններուն մէջ: Այդ մասին խօսակցութիւն չէր եղած նաեւ Ժընեւի մէջ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման ժամանակ, ինչը տարատեսակ մեկնաբանութիւններու տեղիք տուած էր, մասնաւորապէս այն առումով, որ հայկական կողմը նահանջած է բանակցութիւնը վերսկսելու իր իսկ պայմաններէն, որոնք խոշոր հաշուով Վիեննայի օրակարգն էին:
Ուշադրութեան արժանի է Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի յայտարարութեան այն մասը, որ կը վերաբերի Ժընեւի հանդիպման: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ժընեւեան հանդիպումը դրական քայլ է, բայց անհրաժեշտ է շարունակել քայլերը այդ ուղղութեամբ, կատարել լրացուցիչ աշխատանք, ըսած է ան: Այդ կրնայ նշանակել, որ ամերիկեան կողմը անջատ պայմանաւորուածութիւնները բաւարար չի համարեր, ակնարկելով լրացուցիչ քայլերու, այսինքն՝ հետաքննութեան մեխանիզմի տեղակայման, կամ խոշոր հաշուով Արցախ-Ատրպէյճան սահմանի միջազգային որոշակի «ճանաչման» մասին:
Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի յայտարարութիւնը հետաքրքիր է նաեւ վերջերս ատրպէյճանական ԶԼՄ-ներուն՝ Փութին-Էրտողան «ղարաբաղեան փլանի» վերաբերեալ արտահոսքերու ֆոնին, ըստ որոնց, Ատրպէյճանին կը վերադարձուի 5 շրջան, Ատրպէյճանը կը մտնէ ԵՏՄ ու ՀԱՊԿ, Ղարաբաղ կը մտցուի ռուսական զօրք:
Եթէ հայկական կողմը իսկապէս չէ նահանջած իր պայմաններէն, ապա բանակցութիւնները կրնան սկսիլ միայն անվտանգութեան երաշխիքներէն յետոյ, ինչպիսին հետաքննութեան մեխանիզմի տեղակայումն է: Հակառակ պարագային, եթէ հայկական կողմը  անջատ պայմանաւորուածութիւններու կ’երթայ, այդ կը նշանակէ իրավիճակի վերադարձը նախաապրիլեան փուլ՝ Ատրպէյճանի պատերազմի իրաւունքով, կամ ալ Ռուսաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան «ձեւաչափ»՝ անկէ բխող հետեւանքներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment