Ֆրանսայի Վիէն քաղաքին մէջ պղծուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը: Այս մասին լուրը գրած է ֆրանսական « fr 3» կայքը: Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է երկու օր առաջ եւ պղծման ստոր արարքին վերաբերեալ ոչ մէկ յստակ տեղեկութիւն չի փոխանցուիր: Ֆրանսական աղբիւրը դէպքին մասին մէջբերած է Ֆրանսայի հայկական միութիւններու համակարգող մարմնին՝ CCAF -ին այս առթիւ հրապարակած դատապարտման գիրը, ուր կ’ըսուի թէ«նուաստացուցիչ արարքը կապ ունի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու Անգարայի ծրագրեալ քաղաքականութեան հետ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան մէջ ատելութեան սերմանելու մօտեցումներուն հետ»: Հայկական մարմինը Ֆրանսական իշխանութիւններէն պահանջած է արագօրէն դատապարտել եղածը եւ զգօն ըլլալ նման անմարդկային արարքներու համար:
Կը նշուի, որ դէպքին մասին առաջին անգամ արձագանգած է Վիէն քաղաքի վարչական խորհուրդի անդամ Էրուան Պինէն, որ իր դիմատետրի էջին վրայ դէպքին մասին դատապարտման գրառում մը կատարելով յայտնած է, թէ ինք եւս «ցնցուած ու վախցած է արարքէն»: