Թուրքիոյ նախկին հայաշատ Այնթապ քաղաքի հայկական թաղամասի ոչնչացման վերաբերեալ նիւթ հրապարակած է թրքական «GazeteKarinca» կայքը:
Կայքը իր հրապարակման սկիզբը կը շեշտէ, թէ Այնթապի մէջ 1915–ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայերուն պատկանող եւ պատմական արժէք ներկայացնող շարք մը շինութիւններ վերածուած են մզկիթներու կամ սրճարաններու:
Հայերու մասին ամենակարեւոր հետքը կրող Էպլեհան թաղամասի ամենաբարձրադիր վայրին մէջ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 2010–ին վերանորոգման անուան տակ վերածուեցաւ Փրկութեան մզկիթի: Բացի այդ, եկեղեցւոյ մէջ գտնուած եւ քրիստոնէութեան մասին վկայող որմանկարները ջնջած են:
Կայքը նաեւ նշած է, որ Այնթապի մէջ կան նաեւ հայերուն պատկանած այգիներով եւ քանի մը յարկէ բաղկացած տուներ, որոնց մեծ մասը վերածուած է սրճարաններու կամ որպէս խանութ–հիւրանոց ծառայութիւն կը մատուցանէ տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն: