Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Ինն Ամիսներուն Բնակչութեան Յաւելաճը Դրական է

Հայաստանի Մէջ Ինն Ամիսներուն Բնակչութեան Յաւելաճը Դրական է

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ընթացիկ տարուայ Յունուար-Սեպտեմբերին ծնածներու թիւը 27 հազար 655 է, մահացածներունը՝ 20 հազար 658 մարդ, բնական յաւելաճը 6 հազար 997 է։ Համաձայն ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներու՝ 2017-ի ինն ամիսներուն գրանցուած է ամուսնութեան 11 հազար 265 դէպք, ամուսնալուծութեան 2 հազար 963 դէպք։ «Արմէնբրէս»-ի փոխանցմամբ, բացառութեամբ Լոռիի (-75) եւ Տաւուշի (-3)՝ մայրաքաղաքի եւ միւս մարզերուն մէջ բնական յաւելաճը` ծնածներու ու մահացածներու տարբերութիւնը, դրական է։

Ամենաշատ ամուսնութիւնները Երեւանէն (4667) յետոյ գրանցուած են Արմաւիրի մարզին մէջ (1018), երրորդ տեղը՝ Կոտայք (943) է։ Ամուսնութեան ամենաքիչ դէպքերը արձանագրուած են Վայոց ձորի  (204) եւ Տաւուշի մէջ (406)։

Ամուսնալուծութիւններու թիւով կրկին առաջատարը Երեւանն է (1200), այնուհետեւ Լոռին (385) է, Կոտայքը, Արմաւիրն ու Շիրակը համարեայ հաւասար են այս ցուցանիշով՝ միջին 220 դէպք։ Ամուսնալուծութեան ամենաքիչ դէպքերը եւս գրանցուած են Վայոց ձորի (39) եւ Տաւուշի մէջ (85)։

Реклама 22

ՀՀ-ի մէջ 2017-ի  ինն ամիսներուն գրանցուած 1 000 ամուսնութիւններու համեմատ արձանագրուած է ամուսնալուծութեան 263 դէպք` 2016-ի Յունուար-Սեպտեմբերին արձանագրուած 222-ի համեմատ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment