Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան . «Եթէ Փութին Իսկապէս Կեդրոնանայ Ղարաբաղեան Խնդրի Վրայ, Այն Շատ Հեշտութեամբ կը Լուծուի»

Էրտողան . «Եթէ Փութին Իսկապէս Կեդրոնանայ Ղարաբաղեան Խնդրի Վրայ, Այն Շատ Հեշտութեամբ կը Լուծուի»

by MassisPost

Եթէ Փութին իսկապէս կեդրոնանայ ղարաբաղեան խնդրի վրայ, այն շատ հեշտութեամբ կը լուծուի, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը։

Ինչպէս յայտնած է «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը, Էրտողան նաեւ յայտնած է, որ եկող շաբաթ պիտի հանդիպի Ռուսաստանի նախագահի հետ՝ քննարկելու ղարաբաղեան խնդիրը։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ այսօր չկարգաւորուած հարցեր չկան։

Իսկ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով երէկ Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ ռուսաստանցի պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկած է Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու հնարաւորութիւնը, սակայն այն դեռ հարցականի տակ է:

Յայտնի է, որ 16 նոյեմբերին ժամը 11-ին Մոսկուայի մէջ Մամետիարով պիտի հանդիպի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հետ։

30 Հոկտեմբերին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ համանախագահները կը նախատեսեն նոյեմբերի կէսերուն հանդիպիլ նաեւ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ։ Մամետիարով նաեւ ըսած էր, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու վերջին հանդիպման ժամանակ որոշուած է արագացնել բանակցային գործընթացը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն, առայժմ չէ հաստատած Մինսքի խումբի համանախագահներու եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի յառաջիկայ հանդիպման մասին տեղեկութիւնները: «Հանդիպման, անոր վայրի եւ ժամկէտներու մասին վերջնական պայմանաւորուածութեան առկայութեան պարագային այդ մասին նախապէս կը կտեղեկացնենք», – «Ազատութեան» ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment