Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Red» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւնը Պոլսոյ Մէջ

«Red» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւնը Պոլսոյ Մէջ

by MassisPost

Չորեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պոլսոյ «Պէյօղլու» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քատիր Աքընի բեմադրութեամբ եւ արտադրութեամբ «RED» վաւերագրական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը։ Այս ֆիլմին հիմք ծառայած է բեմադրիչին «Փարամազ Հայ Յեղափոխականը եւ Սոցիալիստները» գիրքը, որուն 5-րդ հրատարակութիւնը այժմ սպառելու վրայ է Թուրքիոյ գրախանութներէն։

Նախքան ֆիլմի ցուցադրութիւնը, տեղի ունեցած է ընդունելութիւն, ուր ներկայ էին Պոլսոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, կուսակցական եւ հասարակական գործիչներ, ֆիլմարուեստի մասնագէտներ եւ հետաքրքրասէրներու բազմութիւն մը։

kadir akin red-2Ցուցադրութեան բացումը կատարեց տիկին Գայուշ Չաքըլման Կաւրիլով։ Ան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Քատիր Աքընը որպէս հետազօտող գրող եւ քաղաքական գործիչ, ապա տեղի ունեցաւ ֆիլմի ցուցադրութիւնը։

Մօտաւորապէս վաթսուն վայրկեան տեւողութիւն ունեցող ֆիլմը նկարահանուած է Ժընեւի, Պոլսոյ, Պէյրութի եւ Մուսա Լերան Վագըֆլը գիւղին մէջ. այնտեղ ներկայացուցած են Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան վայրը, ինչպէս նաեւ առնչութիւն ունեցող բոլոր տեղերը։

Ֆիլմը կը սկսի Իզմիրլեան Պատրիարքի «Այնտեղ ուր արդարութիւն չկայ, ամէն բարեկամութիւն կեղծ է» խօսքերով։ Ֆիլմը կը պատմէ հայկական հարցի ծագումին մասին, Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներով, ապա կ’անցնի հայկական կուսակցութիւններու հիմնադրութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարին, հասնելով մինչեւ Ցեղասպանութիւն եւ Քսան Կախաղաններ՝ Փարամազի կերպարին ընդմէջէն, ան նաեւ կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական կուսակցութիւններու (ՍԴՀԿ, ՀՅԴ) սոցիալիստական կողմնորոշումները եւ անոնց գործունէութիւնը օսմանեան խորհրդարանին մէջ, յատկապէս շեշտը դնելով Հնչակեան կուսակցութեան ընկերային, քաղաքական ծրագիրներուն վրայ։

Թուրքիոյ ընկերվարական շարժման եւ Հնչակեան կուսակցութեան այնտեղ ունեցած մեծ դերին մասին ըսուած է. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ հարիւր հազարաւոր հայերու ապրած հողերէն բռնի տեղահանութիւնն ու մահուան ղրկուիլը չէր միայն, այլ՝ մտաւորական եւ մշակութային կուտակումի մը ոչնչացումն էր միաժամանակ։

Այս ոչնչացումը վնաս հասցուց նաեւ սոցիալիստական գաղափարներու արմատներուն, զայն թողնելով առանց յիշողութեան եւ փորձառութեան»։

kadir akin red-3

Ֆիլմի աւարտին ելոյթ ունեցան Քատիր Աքըն, ընկեր Ալեք սան Քէօշկէրեան եւ Կարօ Փայլան։ Քատիր Աքըն իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր անձերուն, որոնք նպաստեցին ֆիլմի յաջողութեան։ Ան նշեց. «Այսպիսով մենք պատմական ճշմարտութիւն մը վերականգնեցինք, գտանք Թուրքիոյ սոցիալիստական շարժման արմատները եւ կրցանք ձեռք մը մեկնել այս հողերուն վրայ ապրող բնիկ ժողովուրդի մէկ հատուածին, որ հարկադրաբար դուրս մնացած էր իր հայրենիքէն: Երբ առաջին անգամ Պէյրութ հասանք, տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան արդէն արխիւները պատրաստած էր եւ կը սպասէր մեզի, շատ զգացուած էի եւ զարմացած՝ ինծի տրամադրուած նիւթերուն հարստութեամբ»։

Ապա ելոյթ ունեցաւ ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեան, որ ֆիլմին ներկայ կը գտնուէր որպէս նկարահանման խորհրդական։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Չորս տարի առաջ սկսած արկածախնդրութեան մը պատմութիւնը պիտի պատմեմ ձեզի… Այս արկածախնդրութեան հետեւանքով հարիւր տարի կորսուած պատմութեան օղակ մը իր տեղը գտաւ եւ Քատիր Աքընի գիրքին միջոցով ան վաւերագրութեան մը վերածուեցաւ։ Այս ճիգերուն հետեւանքով Փարամազ եւ իր 19 ընկերները հազարաւոր Փարամազ Գզըլպաշներու ուղեցոյց եւ ոգեշնչող դարձան։

kadir akin red-4

«… Այս վաւերագրական ֆիլմին մէջ, ինչպէս որ տեսաք, մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ շատ ցաւալի եւ կնճռոտ շրջան մը ներկայացուեցաւ. այդ ինչպէս կþուզէք ներկայացուցէք, իմ համոզումով՝ եղածը յստակ ցեղասպանութիւն է, ուրիշ մը զայն բռնագաղթ կ’անուանէ, իսկ ուրիշներ՝ Մեծ Եղեռն։ Սակայն եթէ հետեւանքին նայիք, զոհերը միշտ եղած են անմեղ մարդիկ, այսինքն տիեզերքի ամէնէն թանկագին էակները, այս պարագային՝ իրաւազրկուածը իմ ժողովուրդս է, որ, հազարաւոր տարիներ այս հողերուն վրայ ապրելէ ետք, արմատախիլ եղած է եւ այսօր անոր հետքերը միայն մնացած են։

«Ցաւ տեսած եւ իր հարազատ հողերուն հեռու ապրող ժողովուրդի մը զաւակը ըլլալով, չեմ ցանկար որ ուրիշ ժողովուրդներ եւ ազգեր մեր տեսածը ապրին։ Երէկ քրիստոնեայ հայերուն պատահեցաւ, յետոյ՝ մահմետական արաբ ալճերիացիներուն, ետքը՝ հրեաներուն, ետքը՝ ռուանտացիներուն, եւ վերջինը՝ եզիտիներուն: Ոչ ոք այս քէնութենէն եւ ատելութենէն զերծ մնաց։ Առանց բացառութեան, բոլոր կրօնքի, ցեղի, ազգութեան պատկանող մարդիկ իրենց բաժինը ստացան այս ողբերգութենէն։

«Մեր ցանկութիւնն ու նպատակը միշտ եղած են խաղաղութեան տարածումը, ցեղասպանութիւններու կասեցումն ու կանխարգելումը, եւ բոլոր ժողովուրդներու արդարութեան եւ հաւասարութեան մէջ ապրիլը»։

Վերջին խօսքը տրուեցաւ Կարօ Փայլանին, ուր ան ըսաւ. «Փարամազի եւ իր ընկերներուն տարած պայքարը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը օրակարգի վրայ բերելը շատ կարեւոր են եւ պէտք է նպաստեն, որ այս օրերուս ժողովուրդներու միջեւ նման ցեղասպանութիւնները եւ ջարդերը չկրկնուին»։ Այս առումով ան շատ կարեւոր գնահատեց Քատիր Աքընի այս աշխատանքը։

Աւարտին, կազմակերպիչ մարմինը ընդունեց ներկաներուն ջերմ շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթանքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment