Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեանբ Միջոցառումը «Հայերը Եթովպիոյ Մէջ»

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեանբ Միջոցառումը «Հայերը Եթովպիոյ Մէջ»

by MassisPost

Եգիպտոսէն ետք Ափրիկեան ցամաքամասի հայկական կարեւորագոյն գաղութներէն եղած են Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայաբնակ վայրերը: Այս առնչութեամբ հետաքրքրական միջոցառում մը կազմակերպած էր Նոր Սերունդ Մշակութային  Միութիւնը «Հայերը Եթովպիոյ մէջ» նիւթին շուրջ:

Աւելի քան հարիւր հրաւիրեալներ ներկայ էին Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի Կարօ Սողանալեան սրահին մէջ Հոկտեմբերի 11ին, 2017: Հետաքրքրասէր բազմութեան մէջ կը նշմարուէին տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, մասնաւորաբար նախկին եթովպահայերու ստուար թիւ մը:

Ն.Ս.Մ.Մ.ի ատենապետ Յարութ Տէր Դաւիթեան ողջունելէ ետք մշակութասէր հասարակութիւնը ամփոփ գիծերով ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր Փարիզի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նուպարեան գրադարանի Վարիչ Տնօրէն պատմաբան «Հայերը Եթովպիոյ մէջ» աշխատասիրութեան հեղինակ Դոկտ. Պորիս Աճէմեանը:

Համակրելի եւ դիւրահաղորդ զեկուցաբերը շահեկան եւ հարուստ տեղեկութիւններ տուաւ գրեթէ մոռացութեան տրուած եթովպահայ գաղութի նշանակալից անցեալի եւ այժմու ոչ նախանձելի վիճակին մասին:

Արդարեւ, 1886ին հիմնուած եթովպահայ գաղութը երբեք մեծ թիւ մը չէ ունեցած: Այսուհանդերձ տեղաբնակ հայ անձնաւորութիւններն իրենց նշանակալից ներդրումը բերած են երկրի կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ: Եթովպիոյ ազգային քայլերգը յօրինած է Ներսէս Նալպանտեանը: Մեծ է նաեւ հայոց ներդրումը Եթովպիոյ երաժշտութեան զարգացման մէջ: Յակոբ Պաղտասարը ազգային ոճով ձեւաւորած է Եթոպվիոյ դրամը, զինանշանը, մետալներն ու արքայական թագը:

Եթովպական կայսրութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող տարբեր արհեստներուն հետ առնչուող գործառնութիւնը եւս վստահուած էր տեղաբնակ հայերուն, որոնց երբեք օտարի աչքով չեն դիտուած, քանի որ եղած են նաեւ գաղտնապահ ու հաւատարիմ քաղաքացիները կայսրութեան: Արհեստագիտութիւնը ժառանգաբար փոխանցուած է սերունդէ սերունդ եւ բնաւ չէ փոխանցուած օտարներուն: Հայերուն ապաւինելու հարցը կը նկատուի դրական եւ գնահատելի երեւոյթ մը թէ Եթովպիոյ եւ թէ սփիւռքահայ տարբեր գաղութներուն համար: Այս գովելի երեւոյթին դիմաց հայերն աւելի բարձր խաւի մէջ տեղ չեն ունեցած պալատական կեանքին մէջ:

Լուսանկարչական արհեստն ալ հայերը ներմուծած են Եթովպիոյ մէջ եւ 1920ին հայ լուսանկարիչ Հրանդն էր որ լուսանկարչական խանութը բացած է Ատիս Ապապապայի մէջ:

Հայերն ունեցած են Ս. Գէորգ եկեղեցին որ կառուցուած է 1930 թուականին: Եկեղեցւոյ անմիջական շրջապատին մէջ հիմնուած է հայկական թաղը: Իսկ կարգ մը խանութներու ցուցանակներուն եւ գերեզմանատան տապանաքարերու վրայ կան հայերէն լեզուով գրութիւններ: Գոյութիւն ունի նաեւ Արարատի Մարմնամարզական Միութիւնը, որ ցարդ կը գործէ թէ որպէս ակումբ եւ թէ ճաշարան:

Երկրէն ներս մեծ համակրանք եւ յարգանք կը վայելէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին որ Եթովպիոյ ուղղափառօ եկեղեցւոյ ու այլ եկեղեցիներու (ղպտի, Մալապար եւալյն) շարքին կը նկատուի նոյնադաւան փաղանգի անդամ: գալով բնակչութեան մինչեւ Ա. համաշխարհային պատերազմը հայերու թիւն եղած է 150-200 հոգի: Ցեղասպանութենէն ետք այդ թիւը բարձրացած է 1200ի:

1924ին Երուսաղէմէն Ատիս Ապապապա բերուած են 40 հայ որբեր, աջակցութեամբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան: Անոնք կազմած են քաղաքի անուանի փողերախումբը, արժանանալով պետական բարձր հովանաւորութեան:

Նշենք նաեւ որ Եթոպվիա հաստատուած հայերուն 50 տոկոսը եկած է Արաբկիրէն, Այնթապէն եւ Կիլիկիայէն ու Եգիպտոսէն: Օտարահպատակները կը կոչուէին «Ֆէրէնճ» իսկ հայերը «Արման»: Եթովպիոյ վերջին կայսեր Հայլ է Սլէասիէ դէմ եղած պետական հարուածէ (1974) եւ ընկերվարական կառավարութեան հաստատումէն ետք (1975) հայերն սկսած է արտագաղթել եւ ներկայիս անոնց թիւը կը հասնի 80-ի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment