Պաշտօնական Ստեփանակերտ հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ: «Արմէնբրէս»ի փոխանցմամբ, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի 2017-2020թթ. ծրագիրի հիմնական դրոյթներու ներկայացման նուիրուած ընդլայնուած խորհրդակցութեան ժամանակ շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան: «Մենք շարունակելու ենք սկզբունքային դիրքորոշում ցուցաբերել բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման ուղղութեամբ: Արցախի ճակատագիրը չի կարող որոշուել առանց նրա անմիջական մասնակցութեան բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերին: Եւ այստեղ մայր Հայաստանի հետ մէկտեղ մենք շարունակելու ենք համապատասխան քայլեր ձեռնարկել»,- ըսած է Արցախի նախագահը:
Անոր խօսքով,ազատ, անկախ եւ հզօր, իր անվտանգութիւնը սեփական ուժերով ապահովելու ունակ Արցախի Հանրապետութեան յետագայ զարգացումն ու զօրացումը գերխնդիր է, որմէ, առանց չափազանցութեան, կախուած է նաեւ համայն հայութեան ապագան: «Անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը մեզ համար անձեռնմխելի արժէքներ են եւ հանդիսանում են Արցախի Հանրապետութեան պետականաշինութեան հիմնարար սկզբունքները»,- աւելցուցած է Բակօ Սահակեան