Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրապարակուած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրի Բնագիրը

Հրապարակուած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրի Բնագիրը

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը հրապարակած է Հայաստանի հետ նախաստորագրուած համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, որուն վերջնական ստորագրումը նախատեսուած է գալիք Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին ալ հրապարակուած է 357 էջերէ կազմուած համաձայնագիրի ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը:

Մէկ ամիս առաջ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սուիթալսքի յայտարարած էր, որ համաձայնագիրի բնագիրը գաղտնի պիտի մնայ այնքան ժամանակ, քանի տակաւին այն վերջնականապէս ստորագրուած չէ: Արտաքին գործոց նախարարութենէն այսօր «Ազատութեան» փոխանցած են, որ հակառակ անոր, որ սովորաբար համաձայնագիրերու բնագիրը չի հրապարակուիր, այնուամենայնիւ այս անգամ փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշուած է հանրայնացնել ստորագրուելիք փաստաթուղթը:

Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ղեկավարող Արմէն Աշոտեան յայտնած է, որ համաձայնագիրի նախապէս հրապարակումը ոչ սովորական բան չէ, եւ այն կը փաստէ, որ եւրոպական կողմը Պրիւքսէլի մէջ աւարտած է փաստաթուղթի համաձայնեցման աշխատանքները:

«Հայկական կողմը պատրաստ է ստորագրել այդ փաստաթուղթը հենց գալիք գագաթնաժողովին: Դրա մասին ամենաբարձր ամպիոնից` ՄԱԿ-ի ամպիոնից, յայտարարեց երկրի նախագահը: Հայկական կողմից որեւէ խնդիր եւ խոչընդոտ չկայ», – յիշել տուած է Աշոտեան: – «Եւրոպական կողմի վարչարարութիւնը բաւական բարդ է: Հաշուի առնելով մի շարք եւրոպական երկրներում քաղաքական, ընտրական ցիքլերը` այդ խնդիրները տեխնիկական կարող են լինել եւ մենք մեծ յոյս ունենք, որ քաղաքական կամք կը դրսեւորուի նաեւ Եւրոպական միութեան կողմից, որպէսզի արագացնեն փաստաթղթի ստորագրման համար համաձայնութիւնների տրամադրումը ազգային մարմինների կողմից»:

Համաձայնագիրի 386 յօդուածներէն առաջինը, որպէս նպատակ կը նշէ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համապարփակ քաղաքական եւ տնտեսական գործընկերութիւնն ու համագործակցութիւնը, հիմնուած ընդհանուր արժէքներու եւ սերտ կապերու վրայ, այդ թուին՝ բարձրացնելով Հայաստանի մասնակցութիւնը Եւրոմիութեան քաղաքականութեան, ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: «Եւրասիա» համագործակցութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչ Միքայէլ Յովհաննիսեանի խօսքով այս համաձայնագիրը ծայրայեղ անհրաժեշտութիւն է Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն համար:

«Համաձայնագիրը բացի մաքսային հարցերից միւս բոլոր հարցերին գօրծնականօրէն անդրադառնում է», – մանրամասնած է ան: – «Այսինքն` ինքը սահմանում է այն հիմնական չափանիշները կամ չափորոշիչները, որոնք ընդունւում են երկու կողմերի կողմից` այս կամ այն ոլորտում համատեղ գործողութիւններ իրականացնելու տեսակէտից»:

Համաձայնագիրի ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան եւ ատոմային անվտանգութեան բաժնին մէջ առանց ժամկէտներու յստակեցման նշուած է, որ անհրաժեշտ է փակել Մեծամօրի ատոմակայանը եւ իրականացնել նոր հզօրութեամբ անոր փոխարինումը: Անդրադարձ կայ նաեւ Ղարաբաղեան խնդիրին․ շեշտուած է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի յանձնառութեան կարեւորութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու առաջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններու ծիրին մէջ հնարաւորինս շուտ կարգաւորման հասնելու անհրաժեշտութիւնը:

Իշխող Հանրապետականի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի կարծիքով, քաղաքական առումով շատ կարեւոր է, որ համաձայնագիրով Եւրոմիութիւնն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Մինսկի խումբի ձեւաչափին:

«Սա շատ կարեւոր է նաեւ եւրոպական քաղաքական թատերաբեմում ապագայում կանխելու ատրպէյճանական ջանքերը` շեղելու բանակցային գործընթացը ընդունուած ձեւաչափերից եւ սկզբունքներից», – մեկնաբանած է ան:

Համաձայնագիրի տնտեսական մասին մէջ Հայաստան կը պարտաւորուի քայլեր ձեռնարկել շուկայական տնտեսութեան զարգացման եւ իր տնտեսական ու նիւթական կարգաւորումներն ու քաղաքականութիւնն աստիճանաբար Եւրոմիութեան չափանիշներուն մօտեցնելու ուղղութեամբ: Եւրոմիութիւնն, իր հերթին պէտք է աջակցի Հայաստանին Կեդրոնական դրամատան անկախութեան, գիներու կայունութեան, պետութեան նիւթական յուսալիութեան, կայուն փոխարժէքի եւ այլ հարցերու մէջ: Փաստաթուղթին մէջ նշուած է նաեւ կողմերու քաղաքացիներու շարժունակութեան խթանման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս մուտքի արտօնագրերու դիւրացման համաձայնագիրերու կիրառման, այնպէս ալ համապատասխան ժամանակահատուածի մէջ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւն սկսելու միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment