Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սարգսեան եւ Ալիեւ Պայմանաւորուած են Աշխուժացնել Ղարաբաղեան Հարցի Կարգաւորման Գործընթացը

Սարգսեան եւ Ալիեւ Պայմանաւորուած են Աշխուժացնել Ղարաբաղեան Հարցի Կարգաւորման Գործընթացը

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները համաձայնած են յաւելեալ քայլեր ձեռնարկել, շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար: Փորձագէտները հաստատած են, որ որեւէ խօսք չկայ նախորդ հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններն իրագործելու մասին:

Այսօր Ժնեւի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներն ու երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները յայտարարած են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները համաձայնած են յաւելեալ քայլեր ձեռնարկել, շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար: Միջնորդները պնդած են, որ աւելի քան մէկուկէս տարուայ ընդմիջումէ ետք նախագահներու առաջին հանդիպումն անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ, կողմերը նաեւ պայմանաւորուած են աշխուժացնել կարգաւորման գործընթացը: Շուրջ մէկուկէս ժամ շարունակուած բանակցութիւններէն ետք, հանդիպելով զուիցերահայ համայնքին հետ, Հայաստանի նախագահը պնդած է, որ Ալիեւ նոյնպէս խորապէս շահագրգռուած է, որ սահմանին զոհեր չարձանագրուին:

«Որեւէ քոնքրէթ պայմանաւորուածութիւն, այսպէս ասած, չունենք, խնդրի լուծման տարբերակների մասին: Բայց պայմանաւորվուել ենք, որպէսզի միջոցներ ձեռնարկենք լարուածութիւնն էլ աւելի թուլացնելու, որպէսզի առաջնագծում չունենանք զոհեր: Պէտք է ասեմ` ե՛ւ Ատրպէյճանի նախագահը, ե՛ւ ես դրանում խորապէս շահագրգռուած ենք:

Տայ Աստուած, որ միշտ այդպէս կարծի: Նա էլ շատ լաւ է հասկանում խնդրի բարդութիւնը, բնականաբար, ես էլ, բայց խնդիրն այնպիսին է, որ հեշտ լուծում երբեք չի լինելու», – յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:

Յետմիջօրէին Ժնեւի մէջ սկսած բանակցութիւնները նախ մեկնարկեցին ընդլայնուած կազմով՝ համանախագահներու եւ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ, յետոյ արդէն Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը շարունակած են դէմ առ դէմ ձեւաչափով: Ատրպէյճանական կողմն այս պահի դրութեամբ տակաւին մանրամասներ չէ հաղորդած, Հայաստանի նախագահը, սակայն, վերստին յայտարարած է, որ Ղարաբաղ պէտք է Ատրպէյճանէն դուրս մնայ:

sarkisian-swiss-armenians

«Մի հարցում էլ ուզում եմ, որ բոլորդ վստահ լինէք` մեզ համար չկայ լուծում, որը կարող է ինչ-որ կերպ խաթարել Ղարաբաղի անվտանգութիւնը: Մեզ համար միակ լուծումն այն է, որ Ղարաբաղը լինի Ատրպէյճանից դուրս: Երբեք որեւէ հայ ղեկավար չի կարող ընդունել այդպիսի որոշում եւ իրականացնել, եւ դրա համար մենք ամէն ինչ անելու ենք՝ զուգահեռ զարգացնելով Հայաստանը, տնտեսապէս ամրապնդելով մեր երկիրը», – ըստ նախագահական նստավայրին, այսօր զուիցերահայերու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է Սերժ Սարգսեան:

Փորձագէտները հաստատած են, որ բանակցութիւններէն ետք տարածուած պաշտօնական հաղորդագրութեան, ինչպէս նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքին մէջ որեւէ բառ չկայ նախորդ հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններն իրագործելու մասին:

«Ալիեւը եւս մէկ անգամ յուշում է, որ իր համար ոչ մի պայմանաւորուածութիւն չի կարող լինել, ինքն ազատ է ցանկացած ժամանակ խախտել ե՛ւ պայմանաւորուածութիւնները, ե՛ւ սահմանային «յարաբերական խաղաղութիւնը», – յայտնած է քաղաքագէտ Արմէն Գրիգորեան, աւելցնելով․ – «Կարծես թէ կողմերը զրոյից են նորից սկսում ինչ որ հարցերի շուրջ պայմանաւորուելը, եւ էս առումով ցոյց է տալիս, որ ո՛չ հակամարտող կողմերը, ո՛չ էլ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը որեւիցէ հնարաւորութիւն չունեն գոնէ մինիմալ պայմանաւորուածութիւնները պահեն: Եթէ իրենք չեն կարողանում նոյնիսկ փոքր պայմանաւորուածութիւնները պահել, ապա հարցականի տակ է դրւում աւելի նաեւ աւելի լայն խաղաղութիւն կառուցելու իրենց հնարաւորութիւնները»:

Անցեալ տարուայ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Վիեննայի եւ Սանկտ-Փեթերսպուրկի մէջ կայացած հանդիպումներուն կողմերը պայմանաւորուած էին սահմանային բախումները հետաքննելու մեխանիզմներ մշակել ու ընդլայնել ԵԱՀԿ նախագահի անձնական ներկայացուցիչի լիազօրութիւնները: Աւելին, ամիսներ շարունակ հայկական կողմն ամենաբարձր մակարդակով կը յայտարարէր, թէ բանակցութիւնները պիտի չվերսկսին, քանի տակաւին այդ պայմանաւորուածութիւնները կեանքի չեն կոչուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment