Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ինձ Բացակայ Չդնէ՛ք». Սարգիս Հացպանեանը կը Պայքարի Հիւանդութեան Դէմ

«Ինձ Բացակայ Չդնէ՛ք». Սարգիս Հացպանեանը կը Պայքարի Հիւանդութեան Դէմ

by MassisPost

Երկար տարիներ Հայաստանի հասարակական–քաղաքական կեանքէն ներս մշտապէս աչքի ինկող ֆրանսահայ ազատամարտիկ, հասարակական գործիչ, հրապարակախօս Սարգիս Հացպանեանի բացակայութիւնը ակնյայտ էր յատկապէս վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռք–Հայաստան խորհրդաժողովի» ժամանակ։ Այս օրերուն ընկերային ցանցերու օգտատէրեր քննարկած էին ծանր հիւանդութեամբ տառապելու պատճառով Սարգիս Հացպանեանի՝ արտերկիր գտնուիլն ու անոր հետ կապուելու դժուարութիւնները։

Հայաստանեան «Ա1+» (www.a1plus.am) կայքը  Հացպանեանի հետ ունեցած զրոյցէն պարզուած է, որ Յուլիսի վերջերը ստամոքսին մէջ չարորակ ուռուցք յայտնաբերուած է։ Քաղցկեղի առկայութիւնը ստուգելու առթիւ ենթարկուած բոլոր տեսակի բժշկական քննութիւններու տխուր արդիւնքներու պատճառով Օգոստոս ամսուան սկիզբէն բուժումներ ստանալու նպատակով ստիպուած Ֆրանսա մեկնած է։

Հացպանեան այժմ կը գտնուի Լիոն քաղաքի Edouard Herriot անունով հիւանդանոցի քաղցկեղի դէմ պայքարի բաժանմունքէն ներս: Ֆրանսիացի մասնագէտներու կատարած բժշկական քննութիւններու արդիւնքով պարզուած է, որ բացի ստամոքսէն, վտանգաւոր քաղցկեղային այլ բջիջներ եւս յայտնաբերուած են՝ ենթաստամոքսային գեղձի վրայ, սրտի եւ արեան շրջանառութիւնը կատարող գլխաւոր զարկերակ՝ աորտայի մօտ։ Մասնագէտ բժիշկներու համաձայն, Հացպանեանի մօտ առկայ քաղցկեղային չարորակ բջիջները բաւականին առաջացած վիճակի մէջ են:

Ըստ նախատեսուածի, բուժումը պիտի տեւէ մինչեւ հոկտեմբեր ամսուայ վերջը, որմէ ետք, եռամսեայ աշխատանքի արդիւնքներու համաձայն պիտի որոշուի վիրահատման ժամկէտները, որմէ ետք ալ 6-8 ամիս կրկին պիտի հետեւի քեմո–թերափիայի քուրսերու: Հացպանեանի համաձայն, եթէ ամէն ինչ բարեյաջող ընթանայ, երկու տարի անընդմէջ ստուգումներու պէտք է  ենթարկուի:

Հացպանեան «Ա1+»-ին այս կապակցութեամբ յայտնած է, որ «Ինձ ամենաշատ յուզող ու տխրեցնող հանգամանքը այս ամէնուն մէջ, իմ պաշտելի հայրենիքէս ստիպողաբար մօտ մէկ տարի բացակայելու իրողութիւնն է»։

Ան նաեւ ըսած է.«Հիւանդութիւնը կրնայ ինձ ֆիզիքապէս հիւծել, տկարացնել, հոգնեցնել, բայց իմ անկոտրում ոգին վնասել չի կրնար երբեք։ …Ամենայն անկեղծութեամբ կ’ըսեմ ու կը պնդեմ, որ ազգիս արժանի վաղուայ պայծառ օրերուն հասնելու՝ բոլորիս երազած արդար Հայաստանը ունենալու եւ մեր զաւակներուն մարդկային արժանապատուութեամբ ապրելու, հզօր երկիր ժառանգելու պայքարին մէջ ինձ բացակայ չդնէ՛ք»։

Սարգիս Հացպանեանը վստահեցուցած է, որ դեռ պիտի վերադառնայ հայրենիք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment