Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանցի Դիւանագէտները կը Շարունակեն Հերքել Եւրոպացի Գործիչները Կաշառելու Մեղադրանքները

Ատրպէյճանցի Դիւանագէտները կը Շարունակեն Հերքել Եւրոպացի Գործիչները Կաշառելու Մեղադրանքները

by MassisPost

Շուրջ երեք միլիառ տոլարի լուացման շուրջ ծագած եւ «Ատրպէյճանական լուացքատուն» անուանումը ստացած խայտառակութենէն մէկ ամիս անց տակաւին ատրպէյճանցի դիւանագէտները կը շարունակեն կտրականապէս հերքել մամուլի մէջ շրջանառուող մեղադրանքները, պնդելով, որ այդ ողջ պատմութիւնն արհեստածին էր եւ նպատակ ունէր խաթարել Պաքուի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները, իսկ կաշառակերութեան ծաւալները Ատրպէյճանի մէջ աննշան են:

Պրիւքսէլի մէջ գործող «Euractiv» մետիա պլաթֆորմին տուած հարցազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտարարած է է Պելճիքայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆուատ Իսքանտերով:

«Լուացքատուն, ի՞նչ կը նշանակէ լուացքատուն: Այն բացարձակապէս արհեստական, կեղծ անուանում է: Պէտք է հասկնալ, որ այդ պատմութեան մէջ մատնանշուած փոխանցումներէն ոչ մէկը ծառայեցուած է ահաբեկչութեան օժանդակման, կաշառակերութեան, թմրամիջոցներու շրջանառութեան կամ այլ տեսակի քրէական նպատակներու: Բայց քանի որ նման արհեստածին բնորոշում տրուած էր, լրատուամիջոցներու մէջ այդ բոլորը ներկայացուած են որպէս դրամի լուացում», – յայտարարած է Պելճիքայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը:

Ֆուատ Իսքանտերով կտրականապէս հերքած է նաեւ այն պնդումները, թէ Ատրպէյճանէն Եւրոպա փոխանցուած գումարներու զգալի մասն օգտագործուած է եւրոպացի քաղաքական գործիչներն ու լրագրողները կաշառելու նպատակով:

«2009-էն մինչեւ 2017 թուականները Եւրոպական խորհրդարանը 9 բացառապէս քննադատական բանաձեւեր ընդունած է իմ երկրիս մասին: Արդեօք  այն կը վկայէ՞ մեր յաջող լոպպիստական քայլերուն մասին: Մեզ կը մեղադրեն լոպպինկի մէջ, բայց եթէ մենք իրօք նման գործողութիւններու դիմէինք, հաւանաբար որեւէ բանի հասած կ’ըլլայի՞նք: Անոր փոխարէն 9 քննադատական բանաձեւ առկայ է: Նշեմ, որ Եւրոխորհրդարանը հաշուած թիւով բանաձեւեր ընդունած է Արեւելեան գործընկերութեան միւս պետութիւններուն վերաբերեալ եւ ոչ մէկ բանաձեւ` Հայաստանի մասին», – յայտարարած է Պելճիքայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը:

Ատրպէյճանցի դիւանագէտը համոզուած է, որ դրամի լուացման շուրջ ծագած խայտառակութեան ետին երրորդ ուժեր կանգնած են, որոնց գլխաւոր նպատակը Պաքուի եւ Պրիւքսէլի յարաբերութիւններու հնարաւոր սերտացումը կանխելն է:

«Մենք խնդիր ունինք մեր տարածքներու գրաւման հետ կապուած: Մենք կը հասկնանք, որ կան ուժեր, որոնք կանգնած են այդ գրաւման ետին: Ճիշդ այդ ուժերն են, որոնք անընդհատ կը շեշտեն այսպէս կոչուած լուացքատան թեման, որպէսզի Ատրպէյճանը որպէս բարբարոսական պետութիւն ներկայացնեն: Իրականութեան մէջ, կաշառակերութեան մակարդակը Ատրպէյճանի մէջ ցած է, հաւանաբար ամենացածն է տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ», – պնդած է Պելճիքայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆուատ Իսքանտերով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment