Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արտակարգ Իրավիճակի Մէջ Գտնուող Սփիւռքի Առեղծուածը – Սփի՞ւռք թէ Գաղթօճախ Ի՞նչ է Ելքը

Արտակարգ Իրավիճակի Մէջ Գտնուող Սփիւռքի Առեղծուածը – Սփի՞ւռք թէ Գաղթօճախ Ի՞նչ է Ելքը

by MassisPost

Զաւէն Խանճեանի Խօսքը Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովի Ընթացքին

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

Բացատրական: Իմ կարծիքս է թէ Մերձաւոր Արեւելքի մեր յետ եղեռնեան գաղութները կ’ուղղուին դիմագրաւելու Սփի՞ւռք թէ գաղթօճախի առեղծուածը իսկ Եւրոպական յետ անկախութիւն, սփիւռք դառնալու թեկնածու նոր գաղութները արդէն կ՚ապրին այդ առեղծուածը:

Իմ ներկայացումը եւ եզրակացումը հիմնուած է Սուրիահայութեան նորօրեայ փորձարութեան վրայ:

Մարդկային պատմութեան հոլովոյթին եւ ազգերու, ժողովուրդներու եւ երկիրներու կազմաւորման մէջ մեծ եւ շարունակական դեր խաղացած են բնակչութեան բռնի կամ կամաւոր գաղթը:

Հալածանքներու որպէս արդիւնք եւ կամ «մեղրի եւ կաթի» հովիտներու մշտական փնտռտուքին մէջ մարդկային զանգուածներ տեղափոխուած են երկիր կոչուող այս արբանեակին մէկ ծայրէն միւսը:

Մարդկային գանազանութեան արդիւնք եղող պատերազմներ եւ այլ քաղաքական, տնտեսական կամ կրօնական արդի հալածանքներ տակաւին պատճառ են նոր գաղթերու երեւոյթին:

Հայ ժողովուրդն ալ իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին նմանօրինակ պատճառներով, ենթարկուելով իր շուրջ գտնուող աւելի հզօր ուժերու ասպատակումին եւ անողոք պարտադրանքին արմատախիլ ըլլալով իր պապենական օրրանէն տարածուած եւ սփռուած էր հին աշխարհի – Մերձաւոր Արեւելքի, Կովկասի եւ այլուր զանազան անկիւններու մէջ կազմած ըլլալով գաղթավայրեր: (Եւ այդպիսով ընդհանրապէս կորսուած: Ահա մեր, հակառակ մեր հազարամեայ գոյութեան, այսօրուայ փոքր քանակը)։

1915 – 1928 երկարող ժամանակաշրջանին, Երիտասարդ Թուրքերով սկսած եւ Քեմալական Թուրքիոյ երթով շարունակուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք ստեղծուեցաւ, այլեւս մեզի ծանօթ հայկական Սփիւռքը, սկսած մեր պատմական հայրենիքի սահմանակից արաբական երկիրներէ եւ ժամանակի ընթացքին ծաւալած մինչեւ Ամերիկաներն ու Աւստրալիաները:

«Սփիւռք» Յունարենով Diaspora-ն է որ կը նշանակէ սփռում կամ տարածում: Այսպէս կը կոչուին իրենց բնօրրաններէն դուրս բնակող ժողովուրդներու այն զանգուածը որոնք, եւ այս խիստ կարեւոր է սահմանումին մէջ, կը շարունակեն գիտակից հաստատումով մը պահպանել եւ զարգացնել իրենց ինքնուրոյն ազգային դիմագիծը: Եւ ահա այս է տարբերութիւնը սփիւռքի եւ գաղթավայրի միջեւ:

Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ: Սփիւռք մը դիմանալու, իր ազգային դիմագիծը պահպանելու եւ զարգացնելու համար կարօտ է այն աւիւնին եւ աւիշին որ իր գոյութեան գրաւականն ու հրամայականն է եւ կրնայ գալ միայն ու միայն բաղձալի հայրենիքի մը հետ իր ունեցած սերտ կապերէն:

Գաղթօճախները կը խամրին, կը թօշնին, կը գունատին եւ ժամանակի ընթացքին կը դառնան «Աստ Հանգչի»:

Սփիւռքը եռուն է: Աննպաստ պայմաններու մէջ իսկ, հեռու արմատէն, այնտեղ կ’ապրին ու կը ծաղկին լեզուն ու մշակոյթը, երգն ու երաժշտութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը միշտ սակայն ձգտելով հայրենադարձութեան եւ երազելով տունդարձը:

Այդպէս էր արաբական աշխարհի հայկական Սփիւռքը: Այդպէս էին Սուրիան եւ Լիբանանը, Եգիպտոսն ու Պաղեստինը, Իրաքն ու Յորդանանը:

Այդպէս էին եւ մնացին Մեծ Եղեռնէն ետք կէս դարէ աւելի մինչեւ քսաներորդ դարու գրեթէ վերջին քառորդը:

Երկրորդ Պատերազմի աւարտէն սկսեալ Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայելի ստեղծումը, ծաւալումը եւ գոյութիւնը եկաւ խախտել արաբական նորանկախ երկիրներու անփորձարու, երբեմն փառասէր եւ շահախնդիր կամ օտարի ենթակայ ղեկավարներու իշխանութեան տակ գտնուող արաբական երկիրներու քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային անդորութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Որպէս արդիւնք այս վիճակին, առաւել Լիբանանեան քաղաքացիական դաժան պատերազմին, գումարած Արաբական Ծոցի մէջ քարիւղի յայտնաբերման աւետումով նորածիլ իշխանութիւններու տնտեսական զարգացման, Միջին Արեւելքի հայկական Սփիւռքը սկսաւ ականատես ըլլալ նոր ծաւալային եւ շրջանային խախտումներու եւ տեղափոխութիւններու:

Եւ կարգով հայաթափ եղան զանազան տոկոսներով եւ վերեւ յիշուած տարբեր պատճառներով՝ Եգիպտոսի, Պաղեստինի, Յորդանանի, Լիբանանի եւ Իրաքի գաղութները:

Արտակարգ իրավիճակի մէջ գտնուող վերջին զոհը եւ մեր այս խորհուրդներուն կիզակէտը Սուրիան է:

Սփիւռք մը պահպանելու, անոր զարգացումին, հզօրութեան եւ գոյատեւումի ներոյժը կարիքը ունի հետեւեալ ազդակներուն:

  • Ազգապահպանման գծով անարգել մթնոլորտ – լեզու, մշակոյթ
  • Կրօնքի եւ հաւատքի գծով անարգել մթնոլորտ
  • Տնտեսական զարգացման ատակ առիթ – opportunity – եւ մթնոլորտ
  • Քաղաքական կայուն մթնոլորտ
  • Կեանքի, գոյքի եւ կալուածի ապահովութիւն

Սուրիահայ գաղութը վերոյիշեալ պայմանները ընդհանրապէս վայելող վիճակի մը մէջ կը գտնուէր յատկապէս 1970-ի Ասատեան իշխանութեան հաստատումէն իվեր:

Սուրիահայ գաղութը արմատացած, խարսխուած, յաջող, կենսունակ եւ կրօնական հովանիի տակ՝ ազգային բարձրորակ անկախութեամբ օժտուած գաղութ մըն էր:

Անոր ընձեռնուած վստահութիւնը, համակրանքը, ազատութիւնը եւ կրթական, տնտեսական եւ նախաձեռնական պատեհութիւնները աննախատիպ են Սուրիական հայրենիքի մէջ եւ անոր իշխանութիւններու կողմէ:

Մօտ հինգ տարիէ իվեր, «արաբական գարուն» կոչուած պատրանքին տակ, մութ նկուղներու մէջ ծրագրուած ճիւաղային դաւադրութիւն մը՝ ներքին ճակատի վրայ առատապէս վարձատրուած դժխեմ ոճրագործերու ձեռքով եւ սահմանակից երկիրներէ փախցուած վարձկաններով եւ զինամթերքով յաջողեցաւ խախտել 40 տարիներու վրայ երկարած նախանձելի խաղաղութիւնը՝ քաղաքակրթութեան օրրան, արաբական ազգայնականութեան խարիսխ՝ Սուրիական աշխարհը:

Այս բոլորին արդիւնք՝ Սուրիահայ գաղութը այսօր արմատապէս խախտած է: Սփիւռքի մը գոյատեւման վերոյիշեալ ազդակները անապահով են:

Ու տակաւին «ջրհեղեղը ռումբերուն» վերջ գտած չէ եւ ոչ ալ Միջին Արեւելքի հետ առընչութիւն ունեցող ծաւալուն ծրագիրը ամբողջացած:

Հինգ տարիէ իվեր Սփիւռքահայութեան գոյութեան սպառնացող յետ եղեռնեան ամենամեծ Ազգային աղէտը թէեւ մեղմացած կարելի է սեպել բայց վնասը անգնահատելի է: Պատիւ տագնապի պատնէշի վրայ հաստատ մնացող զանգուածին եւ անոր հերոս ղեկավարութեան:

Սուրիահայութեան տագնապին, Սփիւռքահայ Մայր Գաղութի անդամահատումին եւ Սուրիահայ հոծ գաղթականներու անյոյս եւ անմխիթար վիճակին՝ մենք հաւաքաբար ուշ անդրադարձանք եւ հարկ եղած լրջութեամբ չմօտեցանք:

Այո՝ սկսած Լոս Անճելըսի մէջ 2012-ի Յուլիսի կազմուած Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմնի աշխատանքներուն՝ գոյութիւն քաշքշող սնունդ մը կարողացանք հայթայթել կրակի տակ գտնուողներուն: Հայրենի իշխանութիւններու գորովագին օժանդակութեամբ թեթեւցուցինք Հայրենիք հասնող անկողմնացոյց գաղթականներու ցաւը: Սակայն չկրցանք մեծ պատկերը տեսնել եւ գաղութի քայքայումէն փխած նուազագոյն օգուտը քաղել գաղթականներու մեծ տոկոսը ուղղելով հայրենիք, որովհետեւ՝ Սուրիահայութեան տագնապէն փխած բոլոր չարիքներուն դիմաց միայն մէկ մխիթարութիւն եւ ազգային շահ կրնար ըլլալ՝ անոնց հայրենիք հաստատուիլը եւ հայրենիքը մարդուժով, տաղանդով եւ կարողականութեամբ հարստացնելը:

Միջին Արեւելքի հորիզոնին վրայ տակաւին կուտակուած անպարագիծ դաւադրութիւն կայ:

Սուրիահայ Սփիւռքը գաղթօճախի վերածուած ըլլալու սպառնալիքի տակ է: Այսօր այդ գաղութի զաւակներէն շատեր, հաւատարիմ նոր հայրենիքին, հաստատ եւ գիտակից կերպով պիտի փափաքին շարունակել իրենց կեանքը, վերջ ի վերջոյ օր մը, զարգացումի, վերաշինութեան եւ վերականգնումի ենթակայ ծծնդավայրի մը մէջ:  Եւ մենք , յարգելով անոնց կամքը ու որոշումը մղուած մարդկային եւ ազգային պարտաւորութիւններէ, պարտինք սատարել անոնց վերականգնումին: Ժողովուրդի մը կեանքին մէջ սակայն, մի քանի սերունդի բաժանումով անկողմնացոյց երկու բռնագաղթ անկրկնելի մնալու է եւ ուրէմն հարկ է հաւաքուիլ հարազատ հողամասի մը վրայ ուր աւելի տրամաբանօրէն ապահովելի է աղէտի անկրկնելիութիւնը:

Դասը առած պէտք է ըլլանք:  Յաջորդ արտակարգ իրավիճակի ենթակայ Հայ Սփիւռքը ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելեան ճակատը յատկապէս հարկ է հաւաքել ապահով, հիւրընկալ, գուրգուրալից եւ արդար հայրենիքի մը հողին վրայ:

Այս է իմ ելքը:

Սեպտեմբեր 19, 2017

Երեւան, ՀՀ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment