Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Մէջ Մեկնարկած են Տինքի Սպանութեան Գործով Դատական Նիստերը

Պոլսոյ Մէջ Մեկնարկած են Տինքի Սպանութեան Գործով Դատական Նիստերը

by MassisPost

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14-րդ դատարանին մէջ այսօր մեկնարկած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական նիստերու հերթական շարքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» պարբերականը: 83 կասկածեալ, այդ թուին՝ ոստիկանութեան աշխատակիցներ ներառող դատական գործով նիստերը տեղի պիտի ունենան 2, 3, 5 եւ 6 Հոկտեմբերին:

Տինքի ընկերները, որոնց թուին են Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Սեզկին Թանրքուլու, այսօր դատարանի շէնքին մօտ հաւաքուածներուն առջեւ յայտարարած են. «10 տարի 3 ամիս շարունակուող դատական գործին մէջ դեռ շատ հեռու ենք արդարութենէ»: Անոնց պնդմամբ, Տինքի սպանութեան հետ առնչուող բոլոր անձերը մինչեւ օրս չեն կանգնած արդարադատութեան առջեւ:

2007 թուականի Յունուարի 19-ին թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի ձեռքով սպաննուած պոլսահայ լրագրող, հրապարակախօս Հրանդ Տինքի ընկերները յանցագործութենէն աւելի քան 10 տարի անց «Հրանդի համար, արդարութեան համար», «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս Տինք ենք» վանկարկումներով կրկին յայտարարած են,որ պիտի շարունակեն հետեւիլ դատական գործին, քանի դեռ սպանութիւնը չէ բացայայտուած:

Տինքի սպանութեան գործով տասնամեայ դատական գործընթացը կարելի է պայմանականօրէն երկու հանգրուանի բաժնել: Յանցագործութեան յաջորդած հինգ տարիներու ընթացքին սպանութեան անմիջական իրականացնողներու յայտնաբերումէն բացի քննութիւնն այլ արդիւնք չէ արձանագրած։ Իսկ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին իշխանութեան եւ կիւլէնական կառոյցին միջեւ ծագած անհաշտութիւնը, նաեւ անցեալ տարուայ Յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձը «Ակօս»ի խմբագիրի սպանութեան հետ առնչուող բազմաթիւ էական հանգամանքներ բացայայտած է։

Թրքական ոստիկանութեան, պետական այլ գերատեսչութիւններու տասնեակ աշխատակիցներու նկատմամբ քրէական գործեր յարուցուած են Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունենալու մեղադրանքով։ Պոլսահայ մտաւորականին ընտանիքն ու շահերը ներկայացնող փաստաբաններն այսօր ալ կը պնդեն, որ սպանութիւնը նախապէս ծրագրուած եղած է, եւ իրաւապահ մարմինները, տեղեակ ըլլալով նախապատրաստուող մահափորձին, չեն կանխած այն։ Արդէն 10 տարի է, որ անոնք կը պահանջեն բացայայտել ու դատապարտել Հրանդ Տինքի սպանութեան պատուիրատուները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment