Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղ Այցելած Թուրք Մտաւորականներուն Դէմ Ատրպէյճանի Մէջ Քրէական Գործ Յարուցուած է

Ղարաբաղ Այցելած Թուրք Մտաւորականներուն Դէմ Ատրպէյճանի Մէջ Քրէական Գործ Յարուցուած է

by MassisPost

Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցած է անցեալ շաբաթ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած թուրք մտաւորականներուն դէմ, անոնց նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարելով եւ դիմելով Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններուն: Դատախազութեան պնդմամբ, Թուրքիոյ քաղաքացիներ  ` Ուֆուք Ուրաս, Ալի Պայրամօղլու, Սայիտ Չաքինօղլու եւ Էրոլ Քաթըրճըօղլու, համաձայնութեան գալով Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող անձերու հետ, «խախտած են երկրի պետական սահմանը»: Գործը յարուցուած է ծանր յանցագործութիւններու գիծով քննչական վարչութեան մէջ:

«Haqqin.az» պարբերականի փոխանցմամբ, թուրք գործիչները ընդգրկուած են նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնի «սեւ ցուցակ»ին մէջ:

Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Էրքան Օզորալ «APA» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին «ապօրինի» անուանած է իր երկրի քաղաքացիներու այցը Լեռնային Ղարաբաղ, պնդելով, թէ նման այցերը կը վնասեն ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին, իսկ պաշտօնական Անգարա վճռականօրէն դատապարտած է այդպիսի գործողութիւնները: «Այդ այցը կատարած անձերը Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը ներկայացնելու լիազօրութիւններ չունին: Անոնք այնտեղ մեկնած են անձնական շարժառիթներով: Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը բոլորին յայտնի է», – յայտարարած է դեսպանը: Թուրք մտաւորականներու նկատմամբ Ատրպէյճանի մէջ յարուցուած գործի առնչութեամբ ալ Օզորալ ըսած է, որ այդ իրաւաբանական գործընթաց է, որուն պահանջները պիտի կատարուին․ – «Մենք յարգանքով կը վերաբերինք իրաւական համակարգին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment