Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գարնան Ընդառաջ «Ժառանգութիւն» Կուսակցութիւնէն Քայլեր Սպասեցէ’ք․ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան

Գարնան Ընդառաջ «Ժառանգութիւն» Կուսակցութիւնէն Քայլեր Սպասեցէ’ք․ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան

by MassisPost

Յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին «Ժառանգութիւն»ը պայքար պիտի նախաձեռնէ, կանխելու համար Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վերարտադրութիւնը: Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեան այսօր յայտնած է, թէ այժմ ժողովուրդի տրամադրութիւնները կը շօշափեն, կ’աշխուժացնեն մարզային կառոյցները:

«Եթէ ժողովուրդն այդ պահանջարկը ներկայացնի, եթէ ժողովուրդն ուզում է փոփոխութիւն, պատրաստ է նաեւ աքթիւ, նախաձեռնող քայլերի, ինչու չէ, մենք պէտք է հրապարակային, հանրային քայլերով ամէն ինչ անենք, որ տեղի չունենայ այդ մենիշխանութեան շարունակութիւնը: Մենք կարծում ենք, որ դա կործանարար կը լինի մեր ապագայի համար: Կարող էք գարնան ընդառաջ՝ «Ժառանգութիւն»ից եւ ոչ միայն «Ժառանգութիւն»ից սպասել աքթիւ նախաձեռնութիւններ»,- ըսած է Րաֆֆի Յովհաննիսեան:

Ամառուընէ տարբեր ուժերու հետ հանդիպումներ ունեցած «Ժառանգութիւն»ը դեռ պիտի փորձէ ընդդիմադիր լայն ճակատ ձեւաւորել․ «Մենք պիտի շարունակենք առանց նախապայմանների կապն իրենց հետ, որպէսզի տեսնենք՝ մենք հնարաւորութիւն ունե՞նք աշնանը կամ տարեգլխին Հայաստանի հանրութեանն առաջարկել մի նոր ձեւաչափ, նոր բովանդակութիւն, որը գոնէ կը նպաստի, որ մենիշխանութիւնը, կուսակցական իշխանութիւնը այսպէս չշարունակուի»:

Յովհաննիսեանի համոզմամբ, հակառակ պարագային արդէն ամիսներ անց՝ 2018-ի Ապրիլին, Հայաստան պիտի վերածուի մէկ անձի պետութեան: «Ով էլ լինի, մի հոգի, մի կուսակցութիւն, իրաւունք չունի դառնալու Հայաստանի սեփականատէրը: Երկրի, բոլորիս համար մեծագոյն սխալ կը լինի, եթէ ինքը փորձի այս կամ այն եղանակով ուղղակի կամ զարտուղի, այս կամ այն չակերտեալ օրէնքի յղմամբ՝ շարունակել իր մենիշխանութիւնը մեր երկրում: Իր իսկ սերունդներին վնասի կ’ենթարկի, եւ դա արդէն առաջին հերթին իր մտածելու բանն է:

Սա առաջին, երկրորդը՝ ես իրեն ճանաչում եմ որպէս ՀՀԿ նախագահ, եւ իր կուսակցութիւնը նոյնպէս պիտի մտածի, թէ իրենց հետագիծը ինչպէս պիտի ներկայացուի յաջորդ սերունդներին»,- նշած է «Ժառանգութեան» առաջնորդը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment