Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաստաբան․ Սեֆիլեանի Գործով Դատավարութիւնը «Կրկէսի Վերածուած է»

Փաստաբան․ Սեֆիլեանի Գործով Դատավարութիւնը «Կրկէսի Վերածուած է»

by MassisPost

Ամբաստանեալ Ներսէս Պօղոսեան ու անոր պաշտպան Արայիկ Պապիկեան համոզուած են, որ Սեֆիլեանի գործով վկաներէն Վիգէն Թանաշեանի նախաքննական ցուցմունքը քննիչի թելադրանք է:

Ուրբաթ օր Շէնգաւիթի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ շարունակուող դատավարութեան ընթացքին հարցաքննուող Թանաշեան նշած է, որ համացանցի էջերուն անդամակցած է Հիմնադիր խորհրդարանի խումբին, Հայաստանի մէջ ընկերներ գտնելու նպատակով։ Յետոյ մամուլէն տեղեկացած է, որ Սեֆիլեան ու միւսները քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն ու դադրեցուցած է մասնակցութիւնը։

Ուրբաթ օրուան եւ նախաքննութեան ընթացքին առկայ հակասութիւններուն պատճառով մեղադրող կողմի միջնորդութեամբ հրապարակուած է Թանաշեանի նախաքննական ցուցմունքը, ուր վկան Սեֆիլեանի ու անոր համակիրներուն գործունէութիւնը յանցաւոր եւ հակազգային որակած էր․ – «Համացանցով տարածուած տեղեկատուութեամբ, ելոյթների տեսագրութիւններով Հիմնադիր խորհրդարանի ղեկավարները՝ Ժիրայրը, Գէորգ Սաֆարեանը, միւս ղեկավարները բացայայտ հայ ազգաբնակչութեանը հրահրում էին անկարգութիւնների, քաղաքացիական անհնազանդութիւնների»:

Վիգէն Թանաշեան խնդրած է ամբողջութեամբ հիմք ընդունել նախաքննական ցուցմունքը, քանի որ այն ժամանակ յիշողութիւնը թարմ եղած է, մինչդեռ հիմա շատ բան մոռցած է։

Ամբաստանեալ Ներսէս Պօղոսեան խնդրած է պարզաբանել լիբանանահայ Թանաշեանին նախաքննական ցուցմունքին մէջ օգտագործած «արծարծել» բառին իմաստը, եւ երբ վերջինս ըսած է՝ քննարկել, Պօղոսեան ըսած է․ – «Ստեղից արդէն պարզ է դառնում, որ ինքը չի գրել»:

«Ցուցմունքը գրուած էր գրագէտ հայերէնով, իրաւաբանական բարձր փրոֆեսիոնալիզմով: Ակնյայտ է, որ դա շինծու ցուցմունք է եղել: Հարցերի պատասխանների ժամանակ պարզ դարձաւ, որ վկան արեւելահայերէնի ընկալման խնդիր ունէր», – ըսած Ներսէս Պօղոսեանի պաշտպան Արայիկ Պապիկեան։

Նախորդ վկան՝ Սմբատ Գալոյեան հրաժարած է դատարանի դահլիճին մէջ պատասխանել հարցերուն, բան մը, որ պաշտպան Պապիկեան կրկին ուղղորդում որակած է․ – «Շատ գեղեցիկ բացատրել էին, որ ինքը հրաժարուի Ներսէս Պօղոսեանի կամ Ներսէս Պօղոսեանի պաշտպանի հարցերից, եւ նա օգտուեց այդ իրաւունքից: Եթէ նկատեցիք, միայն այդ մասով օգտուեց իր իրաւունքից․ մեղադրողի կամ այլ պաշտպանների հարցերին պատասխանում էր, դատարանի հարցերին պատասխանում էր․․․ բայց մեզ ընդհանրապէս չպատասխանեց»:

Նոյն օրուայ հարցաքննուող վերջին վկան՝ Սահակ Սահակեան նոյնպէս, ըստ Պապիկեանի, հակասական ցուցմունքներ տուած է։ Սակայն դատարանը մերժած է նախաքննական ցուցմունքը հրապարակելու պաշտպանի միջնորդութիւնը։

Դատական նիստի ընթացքին Պապիկեան խնդրած է դատարանին միանգամայն հրապարակել իր պաշտպանեալի պատիժը, քանի որ կը կարծէ, որ արդար դատաքննութիւն չ’իրականացուիր։

«Այստեղ կայ յստակ քաղաքական պատուէր․ անհրաժեշտ է այս դահլիճում գտնուող անձանցից մի քանիսին ենթարկել պատասխանատուութեան, պատժել ազատազրկման ձեւով: Ցաւով պիտի նշեմ՝ կրկէսի վերածուած դատավարութիւն է», – յայտնած է Պապիկեան:

Ազատամարտիկ, Շուշիի առանձնակի գումարտակի հրամանատար Ժիրայր Սեֆիլեան կը մեղադրուի շարք մը ծանր յօդուածներով՝ զանգուածային անկարգութիւններու հրահրում, նախապատրաստում, կազմակերպուած խումբի կազմին մէջ զէնքի ձեռքբերում, որուն միջոցով պիտի զաւթէր ռազմավարական նշանակութեան շէնքեր։ Սեֆիլեան ամբողջութեամբ շինծու կ’որակէ մեղադրանքը՝ այն կապելով իր քաղաքական գործունէութեան հետ: Սեֆիլեանէն զատ մեղադրանք առաջադրուած է եւս վեց անձի:

Գործով անցնող 14 վկաներէն մինչեւ այս պահը դատարանին մէջ հարցաքննուած է 4 վկայ, միւսներն այսօրուայ նիստին չէին ներկայացած։

Այսօրուայ նիստին չէր մասնակցած նաեւ դատարանին մէջ ոտքի չկանգնելուն համար դահլիճէն հեռացուած Ժիրայր Սեֆիլեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment