Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Ամերիկեան Այցը Կրկին Ուղեկցած է Ծեծկռտուքով

Էրտողանի Ամերիկեան Այցը Կրկին Ուղեկցած է Ծեծկռտուքով

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հերթական այցը Միացեալ Նահանգներ Կրկին անգամ ուղեկցած է ծեծկռտուքով:

Հինգշաբթի երեկոյեան Նիւ Եորքի կեդրոնը գտնուող «Marriot Marquis» հիւրանոցի սրահներէն մէկուն մէջ խումբ մը ցուցարարներ փորձած են խափանել Էրտողանի ելոյթը, սակայն Թուրքիոյ նախագահի կողմնակիցները կանխած են այն:

Համացանցի էջերուն յայտնուած տեսագրութեան մէջ յստակ կերպով կ’երեւի, թէ ինչպէս Էրտողանի կողմնակիցները ծեծի կ’ենթարկեն անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ սրահէն դուրս բերուող ցուցարարները: Այս բոլորին կը հետեւէր ինք՝ Թուրքիոյ նախագահը, պարբերաբար իր աջակիցներուն հանդարտութեան կոչեր ուղղելով:

erdogan-Violence

«Այս գործողութեան նպատակը Թուրքիո»յ կողմէ քիւրտերուն հանդէպ իրականացուող ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու վրայ հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելն էր»,- «New York Times»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ցոյցի վեց մասնակիցներէն մէկը` Մեկան Պոտէթ:

Յիշեցնելով Մայիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքին մասին, Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարութիւնը դէպքէն քանի մը ժամ անց, յայտարարութիւն տարածած է, ուր մասնաւորաբար նշուած է․ «Այս անգամ, ըստ ամենայնի, թրքական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները դէպքին ներքաշուած չեն եղած»:

Նիւ Եորքեան հիւրանոցին մէջ ծաւալած դէպքերէն անմիջապէս ետք նախագահ Էրտողան մեկնած է ՄԱԿ-ի կեդրոնակայան, ուր կայացած է անոր հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամբի հետ: Թէ՛ ամերիկեան եւ թէ թրքական աղբիւրներու վկայութեամբ, բանակցութիւններն ընթացած են բաւական ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment