Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարապետեան․ Վարչապետի Թեկնածուի Հարցով Հանրապետականը Դեռ Պաշտօնական Կարծիք Չէ Արտայայտած

Կարապետեան․ Վարչապետի Թեկնածուի Հարցով Հանրապետականը Դեռ Պաշտօնական Կարծիք Չէ Արտայայտած

by MassisPost

Այն, թէ 2018-ի Ապրիլէն ետք ո՞վ պիտի դառնայ վարչապետ, Հանրապետական կուսակցութիւնը տակաւին պաշտօնական կարծիք չէ արտայայտած, եւ երբ թեկնածուի անունը յայտարարուի, այդ ժամանակ ալ վարչապետ Կարէն Կարապետեան պիտի խօսի: Այսպէս խոստացած է վերջինս այսօր, ի պատասխան «Ազատութեան» հարցին:

Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի ընթացքին ճեպազրոյցի ժամանակ վարչապետին հարց ուղղուած է, թէ ի՞նչ կը մտածէ այն մասին, որ Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Գալուստ Սահակեան յայտարարած էր, որ վարչապետութեան հարցին մէջ Սերժ Սարգսեանին փոխարինող չկայ: Եթէ նախագահը պաշտօնավարման աւարտին ստանձնէ գործադիրի ղեկավարի պաշտօնը, արդեօք կիսա՞տ պիտի մնան իր խոստումներն ու ծրագիրները։

«Եկէք այսպէս ասենք՝ մասնաւոր անձանց կարծիքները թոյլ տուէք չմեկնաբանեմ, օֆիցիալ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կարծիքը երբ որ լինի՝ հարց տուէք: Դուք օֆիցիալ կարծիքը կուսակցութեան լսե՞լ էք՝ ոչ, երբ որ լինի, այն ժամանակ կը խօսեմ», – ըսած է վարչապետը:

«Կուսակցութեան կարեւոր դէմքերի յայտարարութիւնը» դիտարկման Կարապետեան հակադարձած է. – «Դա իրենց մասնաւոր կարծիքն է, կուսակցութիւնը դեռ որոշում չունի, կուսակցութիւնը հենց որոշում ունենայ՝ կը յայտարարեն»:

Լրագրողները վարչապետին հարցուցած են նաեւ, որ Սերժ Սարգսեանի վարչապետ մնալու մասին հանրապետականներու յայտարարութիւններուն մէջ քօղարկուած յայտարարութիւններ չի՞ տեսներ արդեօք։ Վարչապետը պատասխանած է. – «Հարցին արդէն պատասխանել եմ»։

Մինչդեռ այսօր առաւօտուն նոյն թեմայի շուրջ Կարապետեանին հարց տուած էր նաեւ սփիւռքահայ գործարարներէն մէկը, խնդրելով մէկ բառով պատասխանել, թէ արդեօք կը փափաքի՞ մնալ իր պաշտօնին։ Վարչապետն ալ մէկ բառով պատասխանած էր՝ «այո՛»։

Վարչապետի թեկնածուի թեմային մասին «Ազատութիւն»ը հետաքրքրուած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետ, հանրապետական Տարօն Մարգարեանէն։ Ան նոյնպէս կարծիք յայտնած է, որ Սերժ Սարգսեանին փոխարինող չկայ։

«Յարգելինե՛րս, ինձ թուում է՝ մինչեւ Ապրիլը շատ երկար ժամանակ կայ, եւ մեր Հանրապետական կուսակցութիւնը՝ մեր նախընտրական ծրագրերով, Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւններում մեր բնակչութեան կողմից վստահութիւն ստացած ծրագրերով, մեր կուսակցութիւնը իր ծրագիրը տանում է առաջ», – յայտարարած է քաղաքապետը:

Հարցին, թէ արդեօք քաղաքապետին կարծիքով Սերժ Սարգսեանին փոխարինող կա՞յ, թէ ոչ, Մարգարեան արձագանգած է. – «Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն է եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահը: Այո՛, իմ կարծիքով՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահին փոխարինող չկայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment