Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ Սառեցուցած Է Զէնքի Վաճառքը Թուրքիոյ Նախագահի Թիկնապահներուն

ԱՄՆ Սառեցուցած Է Զէնքի Վաճառքը Թուրքիոյ Նախագահի Թիկնապահներուն

by MassisPost

Ամերիկայի կառավարութիւնը սառեցուցած է զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի թիկնապահներուն, վերջիններուս կողմէ Մայիսին Ուաշինկթընի  մէջ իրականացուած ծեծ ու բռնութենէն ետք, կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս»: Խօսքն Անգարայի եւ Նիւ Համփշիրի մէջ գործող  յայտնի «Sig Sauer» զինագործական  ընկերութեան միջեւ կնքուած  համաձայնագրի մասին է, որով նախատեսուած էր 1,2 միլիոն տոլարի զէնք վաճառել Թուրքիոյ նախագահի անձնական թիկնազօրին:

Զինագործական ընկերութիւններն օտար երկիրներ ապրանք արտահանած ժամանակ պարտաւոր են ստանալ պաշտօնական Ուաշինկթընի հաւանութիւնը: Ամիսներ առաջ Թրամբի վարչակազմը Անգարայի հետ գործարքին չէր առարկած: Քոնկրէսականներու գործադրած ճնշումներէն ետք, սակայն, ստիպուած եղած է վերանայիլ այդ որոշումը: Հաղորդուած է, որ օրէնսդրական այս նախաձեռնութիւնն առաջ մղած են դեմոկրատական ճամբարի սենատորներ Քրիս Վան Հոլլըն եւ Փաթրիք Լիհի, ընդգծելով, որ «այդ քայլին շատոնց պէտք էր դիմել»:

«Նման հարց մեր կողմէ պէտք չէ անգամ քննարկուէր, մենք ոչ մէկ պարագայի կրնանք արտօնել զէնքի վաճառքը, հաշուի առնելով նախագահ Էրտողանի անձնական թիկնապահներու անցեալին գործադրած բռնութիւնները»,- յայտարարած են սենատորները, աւելցնելով․ «ԱՄՆ պէտք է սառեցնէ զէնքի վաճառքը նաեւ Թուրքիոյ ազգային ոստիկանութեան, որ կամայականօրէն կը ձերբակալէ եւ ուժ կը կիրառէ կառավարութիւնը քննադատող խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ»:

ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան որոշումը ողջունած են նաեւ հանրապետական ճամբարին մէջ: «Եթէ մենք արտօնէինք գործարքը, կը նշանակէր, որ հաւանութիւն կու տանք Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերու յարձակումներուն մեր հողին վրայ»,- յայտարարած է Միչիկընէն ընտրուած Դէյւ Թրոթ, աւելցնելով. «Հրաժարելով վաճառքէն, մենք յստակ ուղերձ կը յղենք էրտողանին, որ ան վեր չէ ամերիկեան օրէնքներէն»:

Թուրքիոյ նախագահական թիկնազօրի անդամներն ամերիկեան լրատուամիջոցներու առաջին էջերուն յայտնուած էին անցեալ գարնան, երբ Էրտողանի Ուաշինկթըն կատարած այցի օրերուն յարձակած էին Թուրքիոյ դեսպանի առանձնատան մօտ հաւաքուած խաղաղ ցուցարարներուն վրայ:

Էրտողանի դէմ կազմակերպուած այդ ցոյցն աւարտած էր արիւնալի բախումներով. 9 անձ տուժած էր, մէկ քանին հիւանդանոց տեղափոխուած:

« Էրտողանի թիկնազօրի մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած առաջին դէպքը չէր այս, բան մը, որ լուրջ հարցեր առաջ կը բերէ Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերու պահուածքին վերաբերեալ»,- կը գրէ «Associated Press» մամլոյ գործակալութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment