Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սենատորն Պէն Քարտին Առաջարկած է Պատժամիջոցներ Կիրառել Թուրքիոյ Դէմ

Սենատորն Պէն Քարտին Առաջարկած է Պատժամիջոցներ Կիրառել Թուրքիոյ Դէմ

by MassisPost

Ամերիկացի սենատոր Պէն Քարտին առաջարկած է պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ Ռուսիայէն «C-400» զենիթահրթիռային համակարգերու գնման համար։ Այս մասին կը գրէ «Politico» պարբերականը։

Սենատորի նամակն ուղարկուած է ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմ, ուր վերջինս կը  զգուշացնէ, որ Ռուսիայէն «C-400» զենիթահրթիռային համակարգերու գնումը կը խախտէ Ռուսիոյ նկատմամբ ԱՄՆ-ի սահմանած պատժամիջոցներու կիրառման ընթացակարգը։

«Ցաւալի է, որ ԱՄՆ-ի դաշնակից Թուրքիան կը համագործակցի Մոսկուայի հետ նման վճռորոշ ժամանակ»,- աւելցուցած է Քարտին։

Ըստ Քարտինի, պատժամիջոցները պարտադիր են եւ «ուղղուած են Ռուսիան ետ պահելու ԱՄՆ-ի ու անոր դաշնակիցներուն վրայ յետագայ յարձակումներէ»:

Պարբերականը նշած է, որ Քրեմլինի կողմէ նիւթական օժանդակութիւն ստացող «Russia Today»  եւ «Սփութնիկ» լրատուական գործակալութիւնները գործարքն անուանած են դիւանագիտական յեղափոխութիւն։

«Վերջին ամիսներուն Մոսկուա կ՛աշխատէր այնպէս ընել, որ 1992 թուականէն ՆԱԹՕ-ի անդամ դարձած Թուրքիան հեռու մնայ իր արեւմտեան դաշնակիցներէն։ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած էր, որ ՆԱԹՕ ինքզինք պէտք է մեղադրէ այս գործարքին համար, քանի որ այն կը դանդաղեցնէ  իր պետութեան անհրաժեշտ սպառազինութիւն մատակարարելու գործընթացը»,-նշուած է յօդուածին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment