Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անձերու Փոփոխութիւնը Բաւարար Չէ

Անձերու Փոփոխութիւնը Բաւարար Չէ

by MassisPost

Սեպտեմբեր 13-ին ամբողջացաւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի պաշտօնավարման առաջին տարին: Այս առթիւ բնականաբար կը կատարուի անոր գործունէութեան արժեւորումը ու գնահատականներ կը տրուին, թէ ան որքանով կրցաւ իրականացնել իր հետ կապուած յոյսերը:

Տարի մը առաջ, Հայաստանի քաղաքական մեկնաբանները կը յայտնէին որ, Կարապետեան  յատկապէս Մոսկուայէն կանչուած է Երեւան, շտկելու համար  երկրի տնտեսական բարդ իրավիճակը, լեցնելու պետական դատարկ գանձը եւ նոր ներդրողներ բերելու Հայաստան: Դիմացը`  անոր խոստացուած է 2018-էն ետք, երբ կ’աւարտի Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը եւ   երկիրը կ’անցնի վարչապետական կառավարման ձեւին, դառնալու երկրի թիւ մէկ անձը:

Կարէն Կարապետեանի վարչապետ նշանակումը դրական անդրադարձ ունեցաւ ժողովուրդի մօտ: Վերջապէս կու գար անձ մը որ հեռու մնացած է տիրող  «ճահիճէն»: Սակայն, շատ չուշացած ան անդամակցեցաւ նոյն այդ  «ճահիճին»` դառնալով Հանրապետական կուսակցութեան անդամ:  Ապա, առանց թեկնածու ըլլալու հանրութեան ներկայացաւ որպէս  նոյն կուսակցութեան դէմքը` խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին: Այդ առթիւ ան Հայաստան հրաւիրեց խումբ մը Ռուսաստանաբնակ Հայ մեծահարուստներ, որոնք խոստացան  միլիառաւոր տոլարներու ներդրում կատարել երկրի տնտեսութեան զարգացման մէջ:

Կարէն Կարապետեանի պաշտօնավարման առաջին տարուայ աւարտին, խոստացուած այդ ներդրումները տակաւին կը սպասեն իրականութիւն դառնալու, տնտեսական իրավիճակի բարելաւումը ժողովուրդի մօտ զգալի չէ, պետական գանձը կը մնայ նոյնքան դատարկ` գլխաւորաբար ապաւինելով միջազգային վարկերու վրայ: Ինչ կը վերաբերի 2018-էն ետք վարչապետ մնալու մասին իրեն տրուած խոստումին, այդ եւս մեծ հարցականի տակ է: Օրըստօրէ կ’ամրապնդուի  այն կարծիքը, որ Սերժ Սարգսեան պատրաստ չէ իշխանութիւնը յանձնելու մէկ ուրիշին:

Այսպիսով, Կարէն Կարապետեանի օրինակը անգամ մը եւս կու գայ փաստելու, որ Հայաստանի դիմագրաւած հարցերու լուծումը կապուած չէ անձերու փոփոխութեամբ: Արմատները շատ աւելի խորքային են ու պայմանաւորուած` համակարգային փոփոխութեամբ, որու հեռանկարը չտեսնուիր առայժմ:

«ՄԱՍԻՍ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment