Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գալուստ Սահակեան «Արտագաղթի Մեղաւորը Ժողովուրդն է, Որ Չի Գնահատեր Անկախութիւնը

Գալուստ Սահակեան «Արտագաղթի Մեղաւորը Ժողովուրդն է, Որ Չի Գնահատեր Անկախութիւնը

by MassisPost

2018-ի Ապրիլի 9-էն ետք Հայաստանի վարչապետը պէտք է Սերժ Սարգսեան ըլլայ,- այսօր յայտարարած է Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Գալուստ Սահակեան. «Ուրիշ երկրորդ մարդ չկայ»:

Վարչապետի թեկնածուն պիտի առաջարկէ Հանրապետականը եւ, ըստ պարոն Սահակեանի, յաջորդ տարուայ Ապրիլին Հանրապետականը չի կրնար չառաջարկել Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:

Հանրապետականի կազմին շատ-շատ են անոնք, որոնք նոյնպէս կ’ուզեն, որ յաջորդ տարի վարչապետ դառնայ ոչ թէ Կարէն Կարապետեան, այլ Սերժ Սարգսեան. «Ոչ միայն հիմնական գործադիր մարմինը, այլ ընդհանրապէս, որոնք նաեւ տեղերում կուսակցական կազմակերպութիւն են, դրանց հիմնական մասը ձգտում է դրան»:

Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ որեւէ հանրապետական այսօր չի ճանչնար պարոն Սահակեան: Եւ չի կարծեր, որ կէս տարի առաջ Հանրապետականի այսպիսի դիրքորոշումը կրնայ տհաճութիւն պատճառել կուսակցութեան երկրորդ դէմքին՝ Կարէն Կարապետեանին. «Սերժ Սարգսեանը պետութեան մէջ միակ մարդն է, որը ունի քաղաքական միաւոր, կուսակցութիւն, մնացածը՝ ոչ էսօրուայ վարչապետը, ոչ Գալուստ Սահակեանը, ոչ միւսը… ամբողջական թիմ էդպիսին չունենք»:

Այսօր պարոն Սահակեան առաջինն է, որ կը բարձրաձայնէ Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալու մասին, որպէսզի երբ օրը գայ, որեւէ հանրապետական չտատանի եւ իմանայ իր ընելիքը: Գալուստ Սահակեան յայտարարած է, որ Սերժ Սարգսեան անփոխարինելի է. «Այս պահին մենք չունենք մարդ, եթէ որեւէ մէկը կայ՝ թող ասի»:

Պարոն Սահակեան լսած է, որ որոշ մարդիկ կ’ըսեն, թէ խորհրդարանական համակարգին մէջ վարչապետ կրնայ աշխատիլ նաեւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան: Խորհրդարանի նախկին ղեկավարին այն խելքի մօտիկ չի թուար. «Լեւոն Տէր Պետրոսեանը քաղաքական ուժ չունի»:

Առիթէն օգտուելով պարոն Սահակեան պիտի ըսէ, թէ Հայաստանի մէջ այսօր ընդդիմութիւն չկայ, իշխանութիւնը մնացած է առանց իրեն ուժ տուող քաղաքական կուսակցութեան, ի հարկէ, Գալուստ Սահակեան անկէ աւելի չի տկարանար. «Յամենայնդէպս, ես նստած եմ ձեր առաջ, երբեք չէք տեսնի, որ ես երերամ»:

Պարոն Սահակեանը չի մտահոգեր այն, որ փոքրաթիւ ընդդիմադիրները ժողովրդավարական պիտի չհամարեն իշխանութեան մէջ մնալու Սերժ Սարգսեանի ձգտումը. «Ընդդիմութիւնը փոխանակ ցանկանայ իր գործողութիւններն այնպէս զուգորդի, որ ինքը գայ իշխանութիւն, հիմա սկսել ա մեզ թելադրել, թէ մենք ում պիտի ընտրենք»:

Նշենք, որ պատասխանելով այն հարցին, թէ Սերժ Սարգսեանի մնալով Հայաստանէն  պիտի արտագաղթէ եւս 350 հազար անձ, Գալուստ Սահակեան նշած է, որ իր ղեկավարը մեղաւոր չէ, մեղաւորը ժողովուրդն է, որ տակաւին չի գնահատեր անկախութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment