Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Աւագանիի Յանձնաժողովը Ձայներու Մեծամասնութեամբ Դէմ Քուէարկեց Փողոցներու Անուանակոչութեան Վեց Նախագիծերուն

Երեւանի Աւագանիի Յանձնաժողովը Ձայներու Մեծամասնութեամբ Դէմ Քուէարկեց Փողոցներու Անուանակոչութեան Վեց Նախագիծերուն

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի Կրթութեան, մշակոյթի եւ հասարակական հարցերու մշտական յանձնաժողովն այսօր ձայներու մեծամասնութեամբ բացասական եզրակացութիւն տուած է «Ելք» խմբակցութեան անդամներուն կողմէ առաջարկուած փողոցներու անուանակոչութեան վեց նախագիծերուն: Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Ելք» խմբակցութիւնը։

Ըստ հաղորդագրութեան, Կասեան փողոցը՝ Վազգէն Առաջին Վեհափառի, Միկոյեան փողոցը՝ Քըրք Քըրքորեանի, Ֆրունզէ փողոցը՝ Ապրիլեան հերոսներու, Ամիրեան փողոցը՝ Վռամշապուհ արքայի, Լենինկրատեան փողոցը՝ Լէոնիտ Ազգալդեանի անուններով անուանափոխելու նախագիծերուն միաձայն դէմ քուէարկած են յանձնաժողովի Հանրապետական խմբակցութեան 11 անդամները՝ պատճառաբանելով հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան բացակայութեամբ, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքով, որ տուեալ փողոցներու անուանափոխութիւնը նպատակայարմար չեն համարեր՝ առաջարկելով նախագիծին մէջ նշուած անուններուն համար փնտռել այլ փողոցներ:

Ըստ «Ելք»ի, միայն մէկ պարագայ կար, երբ որ ՀՀԿ ներկայացուցիչներէն չորսը հրաժարած են նախապէս որոշուած քուէարկութեան տրամաբանութենէն եւ ձեռնպահ մնացած Իսակով պողոտան Լենինկրատեան փողոցին կապող ճամբան Մոնթէ Մելքոնեանի անունով կոչելու նախագիծին:

Քննարկման ընթացքին յանձնաժողովի անդամները համաձայնութիւն ձեռք բերած են յառաջիկային հանրային կարծիքի վերհանման մեխանիզմները քննարկելու վերաբերեալ, մասնաւորապէս տեղական հանրաքուէ իրականացնելու միջոցով, որ որպէս հանրային կարծիքի արտայայտման միջոց ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ եւ Երեւանի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին օրէնքով:

Այժմ նախագիծերը պէտք է օրակարգի մէջ ներառուին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի որոշմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment