Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վահագն Խաչատրեան «3,5% Տնտեսական Աճը Պիտի Ապահովուի, Սակայն Քաղաքացիները Անոր Ազդեցութիւնը Պիտի Չզգան»

Վահագն Խաչատրեան «3,5% Տնտեսական Աճը Պիտի Ապահովուի, Սակայն Քաղաքացիները Անոր Ազդեցութիւնը Պիտի Չզգան»

by MassisPost

Տնտեսագէտ Վահագն Խաչատրեան այսօր մամլոյ ասուլիսի ժամանակ անդրադառնալով տնտեսական կառավարման նշած է, որ կառավարութեան գործունէութեան մէջ ոչ մէկ տրամաբանութիւն կայ:

«Միշտ իրավիճակային լուծումներ են գտնում, իսկ ռազմավարական ծրագրերն ուշադրութիւնից դուրս են մնում, այդ պատճառով ոչ մի տրամաբանութիւն չկայ կառավարութեան գործունէութեան մէջ»,- ըսած է ան:

Վահագն Խաչատրեան նշած է, որ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին նոյնպէս անտրամաբանական գործողութիւններ նկատած է օրինակ՝ աղբահանութեան, վճարովի կայանատեղիներու, սնունդի տեսչութեան ոլորտներուն մէջ: «Հայաստանի քաղաքացու գրպանը դատարկելու մեծ ցանկութիւն կայ»,- ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի ներդրումներուն, աշխատատեղիններու բացման, տնտեսագէտը նկատել տուած է, որ այդ առումով ալ ոչինչ փոխուած է: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ ցած հարկային դաշտ չկայ, իսկ հիմա կը փորձեն հարկային բեռն աւելցնել:

«Ներդրումների խոստումները իրականութեանը չեն համապատասխանում: Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան Յունուար–Յուլիս ամիսներին բացուել է 189 աշխատատեղ, թէեւ պաշտօնեաները նշում են 2500 աշխատատեղ, կը ցանկանայի տեսնել, թէ որտեղ է այդքանը ստեղծուել»,- նշած է ան:

Անդրադառնալով տնտեսական աճին` տնտեսագէտը նշած է, որ անոր կրնան նպաստել դրամական փոխանցումները, ինչպէս նաեւ շատ տաք եւ շատ ցուրտ եղանակները, որոնց հետեւանքով աւելի շատ ելեկտրականութիւն կը ծախսուի:

«Տնտեսական աճի ազդեցութիւնը, եթէ ինչ-որ տեղ կայ, ապա այն մարդիկ են զգում, ովքեր միշտ օգտուում են ստեղծուած իրավիճակից: Ես կարծում եմ, որ 3,5 տոկոս աճը կ’ապահովուի, սակայն քաղաքացիների վրայ ազդեցութիւն չի ունենայ, քանի որ համակարգային փոփոխութիւններ են անհրաժեշտ, իսկ եթէ չկայ այդ փոփոխութիւնը, ապա եթէ նոյնիսկ տնտեսական աճ լինի, այն ազդեցութիւն չի ունենայ տնտեսական բարեկեցութեան վրայ»,- ըսած է ան:

Վահագն Խաչատրեան ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու հարցադրումը արհեստական համարած է եւ նշած, որ այդ հարցը որոշ քաղաքական նպատակներով բարձրացուած է: Ան հնարաւոր համարեց, որ «Ելք»ը, բարձրացնելով այդ հարցը, կը փորձէ քաղաքական շահաբաժիններ քաղել: «Սակայն թոյլ է, թող հիմնաւորեն»,- եզրափակած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment