Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բացուած է Վարդենիս-Մարտակերտ Ճանապարհը

Բացուած է Վարդենիս-Մարտակերտ Ճանապարհը

by MassisPost

«Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբերի 1-ին Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ միասին ներկայ գտնուած է Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի բացման արարողութեան», – կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ճանապարհը կառուցուած է համայն հայութեան նուիրատուութիւններով՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ 2013 եւ 2014 թուականներու հեռուստամարաթոններու ընթացքին հաւաքագրուած միջոցներու եւ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններու աջակցութեամբ։

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Պարգեւ Սրբազանին հետ այցելած են նաեւ Դադիվանք, ծանօթացած վանական համալիրին մէջ իրականացուող վերականգնողական աշխատանքներու ընթացքին եւ մոմ վառած Դադիվանքի Ս. Աստուածածին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան այսօր Ասկերանի շրջանին մէջ պիտի այցելեն նաեւ գինիի նորաբաց գործարանը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբերի 2-ին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ պիտի մասնակցի Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն:

Ծրագիրի ընդհանուր արժէքը, ըստ Հիմնադրամին, կազմած է մօտ 17 միլիառ դրամ, որմէ 7,5 միլիառ դրամը յատկացուցած է Հայաստանի կառավարութիւնը, մօտ երկու միլիառ ալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:

Ճանապարհը, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն բնորոշմամբ «ռազմավարական նշանակութիւն» ունի, հիմնադրամի 25 տարուայ գործունէութեան ընթացքին իրականացուցած ամենախոշոր ծրագիրն է:

Նոր մայրուղին սկիզբ կ’առնէ Գեղարքունիք մարզէն եւ Արցախի Շահումեան շրջանով կը ձգուին մինչեւ Մարտակերտի շրջան։ 114․6 քմ երկարութեամբ ճանապարհն ունի 10 մեթրէն աւելի լայնք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment