Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Կոշտ Արձագանգը իր Թիկնազօրի Անդամներուն Մեղադրանքի Առաջադրման

Էրտողանի Կոշտ Արձագանգը իր Թիկնազօրի Անդամներուն Մեղադրանքի Առաջադրման

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իսկական խայտառակութիւն որակած է իր թիկնազօրի անդամներուն մեղադրանք առաջադրելու Ուաշինկթընի դատարանի որոշումը։

«Այս բացայայտօրէն ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կ’աշխատի արդարադատութեան համակարգն Ամերիկայի մէջ», – ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, յայտարարած է Էրտողան, ընդգծելով․ – «Եթէ Միացեալ Նահանգները չի կատարեր ՄԱԿ-ի առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւնները հիւրերը պաշտպանելու առումով, չի նշանակեր, որ իմ թիկնապահներս նոյնպէս պէտք չէ կատարեն իրենց պարտականութիւնները»:

Մայիսին Թուրքիոյ նախագահին Ուաշինկթըն կատարած այցի ժամանակ անոր համակիրներն ու թիկնազօրի անդամները յարձակած էին այցին դէմ բողոքող խաղաղ ցուցարարներու՝ հայերու, քիւրտերու, յոյներու վրայ, եւ դաժանօրէն ծեծի ենթարկած զանոնք: Դէպքի ժամանակ բռնութեան զոհ դարձած էր 11 անձ, այդ թուին` մէկ ոստիկան:

Օրերս Ուաշինկթընի դատարանը մեղադրանք առաջադրած էր 19 անձի, այդ թուին՝ Էրտողանի 15 թիկնապահներու դէմ: Անոնց մինչեւ 15 տարուայ ազատազրկում կը սպառնայ:

Էրտողան յայտնելով, որ Թուրքիոյ ԱԳ եւ Արդարադատութեան նախարարութիւնները հարցը կը քննարկեն ամերիկեան պատկան մարմիններուն հետ, նշած է․ – «Խնդիրը առանձին պիտի քննարկենք նաեւ նախագահ Թրամբի հետ: Սակայն ասոնք լաւ զարգացումներ չեն: ԱՄՆ երկիր մըն է, ուր տակաւին կ’ապաստանին կիւլէնականները: Ինծի համար դժուար է հասկնալ, թէ Ամերիկա ինչ կ’ուզէ ընել»:

Նախօրէին Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւնը նոյնպէս արձագանգած էր Ուաշինկթընի դատարանին կողմէ Թուրքիոյ նախագահի անվտանգութեան ծառայութեան 15 աշխատակիցներուն մեղադրանք առաջադրելու որոշման, այն անարդար, անհիմն եւ կողմնակալ որակելով: ԱԳ նախարարութեան համոզմամբ, դէպքին պատճառը «ամերիկեան անվտանգութեան մարմիններու լուրջ բացթողումներն են եւ ցուցարարներու քօղին տակ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմնակիցներու սադրիչ գործողութիւնները»: Աւելին, Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը կը պնդէ, թէ մեղադրական եզրակացութեան մէջ յիշատակուած անձերէն ոմանք ԱՄՆ երբեք չեն մեկնած:

Թրքական իշխանութիւնները վճռականութիւն յայտնած են իրաւական ճամբով պայքարելու իրենց իրաւունքներուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment