Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ-Ամերիկեան Առեւտուրի Անկման Պատճառները

Հայ-Ամերիկեան Առեւտուրի Անկման Պատճառները

by MassisPost

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները մշտապէս աչքի ինկած են իրենց բազմաշերտութեամբ եւ իւրօրինակ բնոյթով: Այսպէս, օրինակ, 2004 թուականէն ի վեր ԱՄՆ կը հանդիսանայ Հայաստանին մատակարարուող մարդասիրական օգնութեան գլխաւոր նուիրատու երկիրը: Այդ երկրին կողմէ տրամադրուած աջակցութիւնն ըստ տարիներու գերազանցած է անգամ 50 միլիոն տոլարի սահմանագիծը, կազմելով բոլոր երկիրներէն ստացուած մարդասիրական օգնութեան 73%-ը:

Այնուամենայնիւ, Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները աչքի չեն իյնար իրենց սերտութեամբ: Աւելին, ինչպէս կը վկայեն վիճակագրական տուեալները, վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալները շարունակաբար անկում ապրած են, որուն պայմանաւորող գործօններուն անդրադարձ կատարուած է ստորեւ:

Արտահանումը
Ըստ հրապարակուած վիճակագրական տուեալներուն, 2016թ. ՀՀ արտահանումը դէպի Միացեալ Նահանգներ անկում ապրած է 26.8%-ով՝ 52.9 միլիոն տոլարէն հասնելով 38.7 միլիոն տոլարի: Արդիւնքը եղած է այն, որ ԱՄՆ դարձած է արտահանման գիծով Հայաստանի 11-րդ խոշորագոյն գործընկեր երկիրը՝ ընդհանուր արտահանման մէջ ունենալով ընդամէնը 2.2% մասնաբաժին:

2008-2011թթ. դէպի ԱՄՆ արտահանման ծաւալները շարունակաբար աճած են՝ գրեթէ կրկնապատկուելով երեք տարիներու ընթացքին: Ի հակադրութիւն անոր,  2014 թուականէն սկսեալ արտահանումը  սկսած է կրճատուիլ՝ 87.5 միլիոն տոլարէն հասնելով 38.7 միլիոն տոլարի: Միտումներու այսպիսի շեշտակի փոփոխութեան պատճառը կարելի է գտնել արտահանման ապրանքային կառուցուածքի ուսումնասիրութեամբ: Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութենէն դէպի ԱՄՆ արտահանման ապրանքային կառուցուածքին մէջ ճնշող մասնաբաժինը կը պատկանի «ալիւմին եւ անկէ պատրաստուած իրեր» ապրանքախումբին, որ որոշ տարիներու կտրուածքով կազմած է ընդհանուր արտահանման մօտ 90%-ը: Ուստի, դէպի ԱՄՆ արտահանման ընդհանուր ծաւալը մեծապէս կախուած է այս մէկ ապրանքախումբի արտահանման ծաւալներու, ինչպէս նաեւ անոր արժէքի փոփոխութիւններէն:

Արդիւնքն այն է, որ 2008-2011թթ. ընթացքին ալիւմինի միջազգային գիներու մօտ 109%-ով բարձրացումը յանգեցուց դէպի ԱՄՆ արտահանման ծաւալներու կրկնապատկման: Այսուամենայնիւ, հակառակ 2015 թուականէն ի վեր ալիւմինի միջազգային գիներու շարունակական աճին՝ ՀՀ արտահանումը դէպի Միացեալ Նահանգներ չէ վերադարձած իր նախկին մակարդակին:  Կարելի է պնդել, որ վերջինիս համար պատճառ հանդիսացած է 2014թ. Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանին «GSP+» մաքսային ռեժիմի տրամադրումը. ի տարբերութիւն արդէն գործող «GSP» ռեժիմին, այս նոր ռեժիմը, ի թիւս այլ ապրանքներու, մաքսային արտօնութիւններ կը սահմանէ նաեւ դէպի ԵՄ ալիւմինի արտահանման համար: Արդիւնքն այն է, որ ալիւմին արտահանող հայաստանեան ձեռներէցները վերակողմնորոշուած են դէպի եւրոպական շուկաներ (Գերմանիա, Լեհաստան, Հոլանտա եւ այլն)՝ նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու համեմատութեամբ այդ երկիրներու ունեցած մաքսային առաւելութիւնները:

Ներմուծումը
Համանման անկման միտումներ գրանցուած են նաեւ ԱՄՆ-էն դէպի Հայաստան ապրանքներու ներմուծման ոլորտին մէջ: 2016թ. ԱՄՆ-էն դէպի Հայաստան ներմուծուած են 73 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ ապրանքներ, որ 31.8%-ով պակաս է նախորդ տարուայ ընթացքին գրանցուած ցուցանիշէն: Արդիւնքն այն է, որ ԱՄՆ դարձած է ներմուծման գիծով ՀՀ 12-րդ գլխաւոր գործընկեր երկիրը՝ ընդհանուր ներմուծման մէջ ունենալով 2.2% մասնաբաժին:

Միւս կողմէ, ի տարբերութիւն արտահանման, Միացեալ Նահանգներէն կատարուող ներմուծման ապրանքային կառուցուածքը առաւել բազմազան է: Ներմուծման խոշորագոյն ապրանքախումբեր կը հանդիսանան միսը եւ անոր ենթամթերքը (17%), վերգետնեայ երթեւեկութեան միջոցները (15%), միջուկային հակազդիչները (13.5%), ինչպէս նաեւ տեսողական սարքերը (11%): Բոլոր այս ապրանքախումբերու պարագային ԵԱՏՄ ծիրին մէջ սահմանուած մաքսային դրոյքաչափերը նկատելիօրէն կը գերազանցեն մինչեւ ԵԱՏՄ անդամակցութիւնը Հայաստանի մէջ գործող մաքսատուրքերը, բան մը, որ արհեստականօրէն  անմրցունակ դարձուցած է ամերիկեան ապրանքները՝ նպաստելով 2015 թուականէն ի վեր ԱՄՆ-էն ներմուծման ծաւալներու շեշտակի կրճատման:

«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment