Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարէն Կարապետեան եւ ԱՄՆ-ի Դեսպան Ռիչըրտ Միլս Քննարկած Են Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Կարէն Կարապետեան եւ ԱՄՆ-ի Դեսպան Ռիչըրտ Միլս Քննարկած Են Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլսը:

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է արդէն աւանդական դարձած պարբերական հանդիպումները, որոնք լաւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն հայ-ամերիկեան համագործակցութեան ընթացքին եւ զարգացման հեռանկարներու շուրջ միտքեր փոխանակելու համար:

Դեսպան Միլս նախ իր ափսոսանքը յայտնած է «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին մէջ բռնկած խոշոր հրդեհին համար, նշելով, որ ԱՄՆ-ի մէջ լսելով չէ, որ գիտեն, թէ ինչ բարդութիւններ կան նման աղէտներու դէմ պայքարին մէջ։ Ան նշած է, որ դեսպանութիւնը կապի մէջ է ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու եւ ՀՀ Բնապահպանութեան նախարարութիւններն հետ, հրդեհի հետեւանքներուն վերացման գործին մէջ  գերատեսչութիւններուն տեխնիկական եւ փորձագիտական օժանդակութեան ուղղութիւնները յստակեցնելու նպատակով: Անդրադառնալով գործնական միջավայրի բարելաւման ու կաշառակերութեան դէմ պայքարին, դեսպան Միլս նշած է. «Ես ջերմօրէն կ’ողջունեմ կաշառակերութեան դէմ պայքարին ու գործնական միջավայրի բարելաւման ուղղուած Ձեր ջանքերը, որոնք յանգեցուցած են Հայաստանի նկատմամբ ամերիկեան ընկերութիւններու եւ ներդրողներու հետաքրքրութեան աճին: Մենք կը շարունակենք դիտարկել ուղիներ, որոնց միջոցով կրնանք աջակցիլ Ձեր ջանքերուն եւ խորացնել երկկողմ առեւտուրն ու ներդրումները. մենք կը ջանանք գտնել այն իրականացնելու լաւագոյն ուղիները, այդ թուին՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի խորհուրդին աջակցելու ամէնէն արդիւնաւէտ ուղին»: Ռիչըրտ Միլս ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ գործող ամերիկեան ընկերութիւններէն վերջին շրջանին շատ դրական ազդակներ ստացած է  Պետական եկամուտներու կոմիտէի գործունէութեան հետ կապուած եւ աւելցուցած, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են շարունակել իրենց աջակցութիւնը՝ գործարար դաշտի յետագայ բարելաւման ուղղութեամբ կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն:

Կարէն Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնած է օժանդակութիւն ցուցաբերելու  պատրաստակամութեան համար եւ աւելցուցած, որ յառաջիկային «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին մէջ տեղի ունեցածին առումով վերլուծութիւններ պիտի կատարուին,  որմէ ետք ամերիկեան կողմին հետ փոխգործակցութիւնը աւելի յստակ պիտի ըլլայ:

Անդրադառնալով կաշառակերութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ ՊԵԿ-ի գործունէութեան, Կարէն Կարապետեան նշած է, որ հաճելի է այս ոլորտներուն մէջ կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն մասին նման կարծիք լսելը։ «Սակայն այս ուղղութիւններով տակաւին շատ ընելիքներ ունինք եւ բարեփոխումները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ: Ունինք վճռականութիւն՝ գործարար միջավայրը բարելաւելու, կաշառակերութեան դէմ պայքարելու հարցերուն մէջ, քանի որ այդ բոլորը պարզապէս անհրաժեշտութիւն է տնտեսութեան զարգացման համար», – ընդգծած է վարչապետը:

Կարէն Կարապետեան եւ Ռիչըրտ Միլս քննարկած են նաեւ արդարադատութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումները։ Գործադիրի ղեկավարը նշած է, որ այժմ կը մշակուի դատա-իրաւական ոլորտի բարեփոխման ճանապարհային քարտէզը՝ հաշուի առնելով առկայ խնդիրներն ու բացերը, եւ այս ուղղութեամբ հայկական կողմը նոյնպէս կ’ակնկալէ ամերիկեան գործընկերներու եւ մասնագէտներու աջակցութիւնը։ Վարչապետը կարեւորած է նաեւ ԱՄՆ դեսպանութեան գործուն մասնակցութիւնը յառաջիկային կազմակերպուելիք արդարադատութեան ոլորտի նուիրատու կազմակերպութիւններու հանդիպման, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին այս բնագաւառի յետագայ բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները։

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը այլ հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment