Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Շառլ Ազնաւուր Հոլիվուտի «Փառքի Արահետ»ին Վրայ իր Աստղը Ստացաւ

Շառլ Ազնաւուր Հոլիվուտի «Փառքի Արահետ»ին Վրայ իր Աստղը Ստացաւ

by MassisPost

Երէկ Հոլիվուտի «Փառքի արահետ»ին վրայ մեծն շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուր ստացաւ իր աստղը։

Ազնաւուր իր ելոյթին մէջ անգլերէնով յայտարարած է, որ իր մէջ «կը բնակի» երկու մշակոյթ՝ ֆրանսական եւ հայկական։

Յիշեցնենք, որ 93-ամեայ Ազնաւուր, ըստ «Time»ի, 20-րդ դարու լաւագոյն երգիչն է։ Այս վարկանիշով ան շրջանցած է Ֆրանք Սինաթրան, Էլվիս Փրէսլին եւ Պոպ Տիլանը։

1965 թուականին Ազնաւուր անգամ մը հպարտութեամբ յայտարարած է. «Հայերուն համար անհնար բառը գոյութիւն չունի»։

Մեծն շանսոնիէն ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի քան 180 միլիոն ձայնասկաւառակ վաճառած է։

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած եւ ելոյթ ունեցած են Քալիֆորնիոյ սենաթոր Քեւին տէ Լէօ, Փիթոր Պոկտանովիչ եւ այլք։

«Փառքի արահետ»ին վրայ Ազնաւուրի աստղը 2618-րդն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment