Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հաստատակամօրէն Կ’երթանք ԵՄ-ի Հետ Համաձայնագիր Ստորագրելու». Ըսած է Վարչապետ Կարէն Կարապետեան

Հաստատակամօրէն Կ’երթանք ԵՄ-ի Հետ Համաձայնագիր Ստորագրելու». Ըսած է Վարչապետ Կարէն Կարապետեան

by MassisPost

«Մենք հաստատակամ գնում ենք Եւրամիութեան հետ նոր համաձայնագրի ստորագրման», – Ծաղկաձորի մէջ «Բազէ» ամէնամեայ երիտասարդական 15-րդ հաւաքի բացման արարողութենէն ետք երէկ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան։

Հարցին, թէ հնարաւո՞ր է, որ 2013 թուականի Սեպտեմբերին տեղի ունեցածը կրկնուի եւ Հայաստան Եւրոմիութեան հետ նոր համաձայնագիրը չստորագրէ, վարչապետը պատասխանած է. – «Մենք գնում ենք ստորագրման։ Հնարաւո՞ր է, որ զարգացումներն այնպիսին լինեն, որ չստորագրուի, այս պահին չեմ տեսնում, բայց դա մի գործընթաց է, որը բանակցութիւններ են, այդ իսկ պատճառով հաստատակամ գնո՞ւմ ենք, թէ՝ չէ, շատ հաստատակամ գնում ենք»։

Յիշեցնենք, որ աւելի քան երեք տարի Եւրոմիութեան հետ քննարկումներէ ետք, 2013 թուականի Սեպտեմբերին, Հայաստան մէկ գիշերուան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ հրաժարեցաւ Միութեան համաձայնագիրէն եւ ստորագրեց Մաքսային միութեան, ապա՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան յուշագիրը։ Տարիներ անց Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը յարաբերութիւնները խորացնելու համար նախաստորագրեցին մէկ այլ՝ համապարփակ շրջանակային համաձայնագիր: Կը սպասուի, որ կողմերն այն կստորագրեն Նոյեմբերին՝ Պրիւքսէլի մէջ:

Անդրադառնալով Մեղրիի մէջ հայ-իրանական ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն վարչապետն ըսած է. – «Ես կարծում եմ, որ Նոյեմբերի վերջ մենք կ’ունենանք որոշակի հարթակ, որովհետեւ այդ հարցում մենք բազմաթիւ փորձեր ենք արել, այդ թուում՝ եղել են ե՛ւ յաջողակ բանակցութիւններ, ե՛ւ անյաջող բանակցութիւններ, բայց միանշանակ այդ հարթակը ստեղծելու ենք, ձեւաւորելու ենք, եւ մօտ ժամանակներս Իրան կայանալիք այցի ժամանակ յստակ խօսելու ենք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment