Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիա Անընդմէջ կը Հեռանայ Եւրոպական Չափանիշներէն

Թուրքիա Անընդմէջ կը Հեռանայ Եւրոպական Չափանիշներէն

by MassisPost

Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոմիութեան յանձնակատար Եոհանէս Հան  Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած Եւրոմիութիւն-Թուրքիա բարձր մակարդակի երկխօսութեան ծիրին մէջ հերթական նիստէն առաջ Անգարային հերթական անգամ կոչ ուղղած է յարգել մարդու իրաւունքները եւ բոլորին հնարաւորութիւն տալ իրենց կարծիքն արտայայտելու:

Երկուշաբթի օր ասուլիսի ընթացքին Հան մասնաւորապէս յայտարարած է, թէ Պրիւքսէլի մէջ անհանգստացած են «Ճումհուրիէթ» թրքական ընդդիմադիր թերթի յայտնի լրագրողներու եւ անոնց գործընկերներուն նկատմամբ Պոլսոյ մէջ նախօրէին մեկնարկած դատավարութեամբ:

Ահաբեկչական կառոյցներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու մէջ մեղադրուող թրքական առաջատար պարբերականի աշխատակիցներու դատավարութիւնը, յիշեցնենք, տեղի  կ’ունենայ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ օր օրի խորացող լարուածութեան ֆոնին: Երկու դաշնակից երկիրներու յարաբերութիւնները կրկին սրուեցան վերջին շաբաթներուն, երբ Պոլսոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց խումբ մը իրաւապաշտպաններ, որոնց թուին է նաեւ Գերմանիոյ քաղաքացի Փիթըր Շփոյտնըր: Թուրքիա զանոնք եւս կը մեղադրէ ահաբեկիչներուն սատարելու մէջ:

Այսպիսով, ինչպէս յայտարարած է Եոհանէս Հան, Եւրոմիութեան անդամակցիլ ցանկացող Թուրքիա «անընդմէջ կը հեռանայ եւրոպական չափանիշներէն»:

«Այն, ինչ ր տեղի կ’ունենայ Թուրքիոյ մէջ, շատ մտահոգիչ է, յատկապէս երբ գործը կը հասնի լրագրողներուն եւ լրատուամիջոցներուն: Ես կրնամ միայն կոչ ուղղել թրքական իշխանութիւններուն՝ յարգելու խօսքի ազատութիւնը եւ հնարաւորութիւն տալու բոլորին իրենց կարծիքն արտայայտելու», – ըսած է եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեան:

Մէկ տարի շարունակ հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններն ու Թուրքիոյ արեւմտեան դաշնակիցները խստօրէն կը քննադատեն երկրի նախագահ Ռեճէփ Էրտողանը, անոր կառավարման օրօք մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ արձանագրուող աննախադէպ յետընթացին համար: Անգարա ոչ միայն չի հետեւիր կոչերուն, այլեւ հետզհետէ աւելի կը խստացնէ ճնշումները: Անցեալ տարուայ ձախողած պետական յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած է 50 հազար անձ, շուրջ 150 հազար ձերբակալուած կամ հեռացուած է աշխատանքէն: Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան տուեալներով, իշխանութիւններու կողմէ իրականացուած զտման հետեւանքով երկրին մէջ փակուած է 150 լրատուամիջոց, շուրջ 160 լրագրող կը գտնուի ճաղերու ետին:

Այս բռնաճնշումները ի վերջոյ յանգեցուցին Պրիւքսէլի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան, սակայն Եւրոմիութեան արձագանգը, ինչպէս կը նշեն իրաւապաշտպանները, բաւական զուսպ է եւ անբաւարար, քանի որ Թուրքիա իր տարածքին միլիոնաւոր փախստականներ կը պահէ՝ թոյլ չտալով անոնց մտնել Եւրոմիութեան տարածք:

Ի տարբերութիւն Պրիւքսէլին, Եւրոմիութեան առաջատար ու ամէնէն ազդեցիկ անդամ երկիրներէն Գերմանիա օր օրի կ’ուժեղացնէ ճնշումները Անգարայի նկատմամբ, սպառնալով անգամ սահմանափակել Թուրքիոյ մէջ գերմանական ներդրումները, վերանայիլ Անգարային զէնք-զինամթերք մատակարարելու հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment