Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոպական Դատարանը Սկսած Է Քննել Ապրիլեան Պատերազմի Վերաբերեալ Հայցերը

Եւրոպական Դատարանը Սկսած Է Քննել Ապրիլեան Պատերազմի Վերաբերեալ Հայցերը

by MassisPost

Ապրիլեան պատերազմի օրերուն ատրպէյճանցիներու կողմէ խոշտանգուած զինուորականներու եւ խաղաղ բնակիչներու, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած խաղաղ բնակիչներու գործերով 359 հայց  ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան (ՄԻԵԴ)։ Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեան «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան յայտնած է, որ անոնցմէ աւելի քան քսանն արդէն խորհրդակցութեան յանձնուած է եւ քննութեան փուլին մէջ է։

Քննութեան ընթացքին մէջ գտնուող երկու տասնեակէ աւելի հայցերով Ստրասպուրկի դատարանն արդէն հարցեր ուղղած է Ատրպէյճանին, խնդրելով որոշակի տեղեկութիւններ հաղորդել՝ մասնաւորապէս, թէ ինչ հանգամանքներու մէջ զոհուած են զինուորները կամ խաղաղ բնակիչները, որոնց մարմինները խոշտանգուած եղած են։

«Մենք ակնկալում ենք իրաւական պաշտպանութեան արդարացի փոխհատուցում՝ դա կարող է լինել ե՛ւ խախտումը ճանաչել, ե՛ւ յետագայում արդէն նիւթական փոխհատուցում՝ նիւթական վնասի, բարոյական վնասի դիմաց: Բայց առաջին հերթին դեռ պէտք է հասնել նրան, որ Եւրոպական դատարանը ճանաչի, որ տեղի է ունեցել խախտում», – յայտնած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտը:

Ղազարեան նշած է, որ Ստրասպուրկի դատարանէն կը պահանջեն ընդունիլ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դաշինքի շարք մը յօդուածներու խախտումները, ինչպէս նաեւ գոյքային փոխհատուցում տալ տուժածներուն։ Ատրպէյճան ազգային խտրականութիւն դրսեւորած է՝ կեանքէ զրկել, խոշտանգած է հայ զինուորներն ու խաղաղ բնակիչները, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ուղղուած դիմումներուն մէջ գրած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները։

Ստրասպուրկի դատարանին մէջ քննուող գործերու շարքին են գլխատուած երեք զինուորականներու գործը, Վալերի եւ Ռազմելա Խալափեաններու սպանութիւնները։

Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ ատրպէյճանական ներթափանցող խումբին կողմէ դաժանաբար սպաննուած եւ անարգանքի ենթարկուած էին Խալափեան ընտանիքի երեք տարեց անդամները, որոնցմէ ամէնէն աւագը 92 տարեկան էր։

Լեռնային Ղարաբաղի դատախազութեան տուեալներով, ընդհանուր առմամբ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Պաշտպանութեան Բանակի 19 զինծառայողներու սպանութեան եւ անոնց մարմիններու խոշտանգումներու կապակցութեամբ յարուցուած էր 6 քրէական գործ։

3 առանձին քրէական գործեր յարուցուած էին՝ 19-ամեայ եզիտի զինծառայող Քեարամ Սլոյեանի, վարորդ Հրանդ Ղարիբեանի եւ 31-ամեայ մայոր Հայկ Թորոյեանի գլխատման փաստերով։ Ընդ որում, փորձաքննութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, Սլոյեան եւ Ղարիբեան գլխատուած են մահէն ետք, մինչդեռ Թորոյեան ատրպէյճանցիներու կողմէ գլխատուած է կենդանութեան օրօք։

Թէ՛ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Արա Ղազարեան եւ թէ Հայաստանի նախկին ու ներկայ, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի մարդու իրաւունքներու պաշտպաններն լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ պնդած են, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասցէական գնահատական տայ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն։

Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հայկական կողմը աւելի քան 100 զոհ տուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment