Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սեւան Նիշանեան Պաշտօնապէս Յայտարարուած է Փախուստի Մէջ

Սեւան Նիշանեան Պաշտօնապէս Յայտարարուած է Փախուստի Մէջ

by MassisPost

Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նիշանեան պաշտօնապէս յայտարարուած է փախուստի մէջ գտնուող, անոր դէմ կալանաւորելու մասին որոշում կայ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հուրրիէթ» պարբերականը:

Նիշանեան, որ 2014 թուականէն բանտարկուած եւ դատապարտուած էր 17 տարուայ ազատազրկման, 14 Յուլիսին օգտուած էր բանտէն դուրս գալու թոյլտուութենէն, սակայն այդպէս ալ ետ չէր վերադարձած Ֆոչայի բաց ռեժիմի բանտը:

Քանի որ լեզուաբանը 48 ժամուայ ընթացքին հրաժարած էր յանձնուիլ, զինք 16 Յուլիսի առաւօտէն յայտարարած են փախուստի մէջ գտնուող:

Նիշանեան փախուստի մասին յայտնած էր Թուիթըրի վրայ կատարած գրառման միջոցով, ուր կ’ըսուէր. «Թռչունը թռաւ. տարոսը մնացած ութսուն միլիոնին»:

Թրքական լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի ընթացքին պոլսահայ մտաւորական Նիշանեան խոստացած էր, որ երբ ժամանակը գայ, մանրամասնօրէն պիտի պատմէ, թէ ինչպէս փախած է բանտէն: Խօսելով այն մասին, թէ ինչու նման որոշում կայացուցած է, 2014 թուականէն ազատազրկման մէջ գտնուող լեզուաբանն ըսած էր. «Մտածեցի, որ 3.5 տարին արդէն բաւական է, եկած է ժամանակը, երբ պէտք է շունչ քաշել: Այս է ամէնը: Նման պայմաններու մէջ որոշում կայացուցի Թուրքիոյ թերութիւններէն օգտուելով դուրս գալ պետութեան վերահսկողութեան տարածքէն»:

«Թուրքիայէն փախչիլը շատ դիւրին է: Ինչպէս կը տեսնէք, լաւ գումարի առկայութեան պարագային բոլորն ալ կրնան փախչիլ: Կառոյցներու մէջ եթէ գումարը տաս անվտանգութեան, շատ հանգիստ կրնաս փախչիլ»,- ըսած էր մտաւորականը:

Նիշանեան հրաժարած էր ըսել, թէ ուր կը գտնուի՝ Թուրքիոյ մէ՞ջ, թէ անոր տարածքէն դուրս: Ան նշած էր, որ 48 ժամ սպասելու կարիք չկայ: «Այս պահէն սկսեալ զիս կրնան ընդունիլ որպէս փախուստի մէջ գտնուող անձ»,- յայտնած էր լեզուաբանը:

Սեւան Նիշանեան Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է այն բանին համար, որ Իզմիրի Սիրինճէ գիւղի իր սեփական այգիին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն կատարած է: Թրքական մամուլն աւելի վաղ յայտնած է, որ Սեւան Նիշանեանի ձերբակալութիւնը իշխանութիւններու սարքած գործն է, քանի որ մտաւորականը բազմիցս հանդէս եկած էր թրքական կառավարութեան բացերու հրապարակային քննադատութեամբ: Շատեր հանդէս եկած են զինք ազատ արձակելու կոչով` նշելով, որ Սեւան Նիշանեանը պատժելու իրական պատճառն այն է, որ ան համարձակած է քննադատել Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութիւնը` հրատարակելով «Սխալ Հանրապետութիւն» գիրքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment