Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հայաստանի Վրայ Պէտք է Դիւանագիտական Ճնշում Գործադրել՝ Խաղաղութիւն Պարտադրելու Համար»․ Մամետեարով

«Հայաստանի Վրայ Պէտք է Դիւանագիտական Ճնշում Գործադրել՝ Խաղաղութիւն Պարտադրելու Համար»․ Մամետեարով

by MassisPost

Ռուսական «Իզուեսթիա»ն հանդէս եկած է հրապարակմամբ, ուր նշած է, թէ Մոսկուա կը փորձէ յառաջիկային կազմակերպել Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում: Ըստ թերթին, Երեւան համաձայն է, Պաքու նոյնպէս չի մերժեր նման հանդիպման իրականացման Քրեմլինի առաջարկը, միաժամանակ, նախապայման առաջադրելով՝ բանակցութիւնները պիտի կայանան, «եթէ յստակօրէն ձեւակերպուի անոնց օրակարգը»:

Պաշտօնական Պաքու այսօր յայտարարած է, թէ չ’ընդունիր 19 Յուլիսին Ղարաբաղի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները: «Անոնք կը խախտեն Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնն ու հարուած կը հասցնեն խնդիրի կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւնը:

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ալ «Ռիա նովոսթի»ին հետ զրոյցի ընթացքին պնդած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ Երեւանին վրայ: «Կոչերը, թէ այս հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում, եւ կողմերը պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերեն, պէտք է ուղեկցուին յստակ պահանջով՝ դուրս բերել զօրքերն Ատրպէյճանի գրաուեալ տարածքներէն: Այս հարցին մէջ պէտք է քաղաքական դիւանագիտական ճնշում գործադրել Հայաստանին վրայ՝ խաղաղութիւն պարտադրելու համար»,- ըսած է Մամետեարով:

Անդրադառնալով Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարին հետ Պրիւքսէլի մէջ ունեցած վերջին հանդիպման, Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ հանդիպումները շատ կարեւոր են կարգաւորման համար, սակայն պէտք չէ հանդիպում իրականացնել զուտ հանդիպման համար:

Այսօր ղարաբաղեան խնդիրին անդրադարձած է ռուսական «Իզուեսթիա»ն, պնդելով, թէ Քրեմլին կրկին կը փորձէ իր ձեռքն առնել առաջնորդութիւնը խնդիրով զբաղող Մինսկի խումբին մէջ: «Ռուսիա դարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ հանդիպման գլխաւոր կազմակերպիչը, քանի որ միւս համանախագահներու ջանքերն այս ուղղութեամբ արդիւնք չեն տուած»,- այսօր գրած է ռուսական պարբերականը՝ յղում կատարելով ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարութեան իր աղբիւրներուն: Ըստ հրապարակման, Մոսկուա կը փորձէ Իլհամ Ալիեւն ու Սերժ Սարգսեանը բանակցային սեղանի շուրջ նստեցնել մինչեւ այս տարեվերջ:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ԵԱՀԿ ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովի ժամանակ հանդիպած է իր ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն հետ: Ըստ «Իզուեսթիա»ին, այդ բանակցութիւններու ժամանակ ալ Քրեմլին կողմերուն ներկայացուցած է նախագահական մակարդակով հանդիպում կազմակերպելու առաջարկը:

«Այդ հանդիպման կազմակերպման միայն մենք կը մասնակցինք, ֆրանսացիները փորձեցին, սակայն անոնց ջանքերը որեւէ օգուտ չտուին»,- «Իզուեսթիա»ին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն տեղեակ աղբիւրը, աւելցնելով․ «Երկխօսութեան պահպանումը սկզբունքային նշանակութիւն ունի, ճիշդ անոր շնորհիւ է, որ տարածաշրջանին մէջ չբռնկեցաւ լայնածաւալ պատերազմ։ Սակայն կողմերու նպատակներն ու տեսլականները նախկինին պէս տարբեր են»։

Ռուսիոյ պետտումայի ԱՊՀ հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Լէոնիտ Կալաշնիքով նոյնպէս ընդգծած է, որ ղարաբաղեան խնդիրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ կողմերը պէտք է աշխուժացնեն շփումները Մոսկուայի հետ: «Պէտք չէ վազել տարբեր հարթակներով եւ խորհրդակցիլ երկիրներու հետ, որոնք կը գտնուին տարածաշրջանէն տասը հազար քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ: Պէտք է մեծցնել համագործակցութիւնը Մոսկուայի հետ»,- յայտնած է ՌԴ պետտումայի պաշտօնեան:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն, ի դէպ, թերթին հետ զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատած է Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը: «Հայաստան երբեք չէ հրաժարած բանակցութիւններէն ու հանդիպումներէն, հակամարտութիւնը կարգաւորելու միակ ճանապարհն այդ է»,- նշած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, յատուկ ընդգծելով, որ նոյն ինք Մինսկի խումբին մէջ 23 տարի առաջ համանախագահած ՌԴ ներկայացուցիչ Վլատիմիր Կազիմիրովի քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ է, որ ժամանակին հրադադար հաստատուած է:

Պաշտօնական Պաքու նոյնպէս չէ մերժած Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ նախագահներու միջեւ հանդիպում իրականացնելու՝ Քրեմլինի առաջարկը, միաժամանակ, նախապայման առաջադրելով՝ բանակցութիւնները պիտի կայանան, եթէ յստակօրէն ձեւակերպուի անոնց օրակարգը:

«Եթէ նախագահներու մակարդակով հանդիպում կը կազմակերպուի, կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է երաշխաւորել, որ քննարկուի համանախագահներու առաջարկած կարգաւորման ծրագիրն ու անոր իրագործումը: Նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է տեղէն շարժել բանակցային գործընթացը եւ նուազագոյնը հանգրուան առ հանգրուան դուրս բերել հայկական զօրքերը գրաւեալ տարածքներէն:

Այն տեղահանուածներուն հնարաւորութիւն կու տայ վերադառնալ իրենց բնակավայրերը: Անոր զուգահեռ ալ պիտի լուծուին անվտանգութեան հարցերը, պիտի վերականգնուի հաղորդակցութիւնը, պիտի աշխատի տնտեսական գործօնը, մարդոց մօտ վստահութիւն պիտի առաջանայ, եւ հետզհետէ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ առկայ վիրաւորանքն ու կասկածամտութիւնը պիտի վերանայ»,- հարցին առնչութեամբ ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Մամետեարով, աւելցնելով․ «Հակառակ պարագային տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ մեզ կարծես կը ստիպեն ընդունիլ ստեղծուած իրավիճակը որպէս արդէն կայացած փաստ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment