Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլեան Սփայք Հրթիռի Նոր Տարբերակը Առաջին Անգամ Կիրառած է Ատրպէյճանը՝ Ղարաբաղեան Ճակատին

Իսրայէլեան Սփայք Հրթիռի Նոր Տարբերակը Առաջին Անգամ Կիրառած է Ատրպէյճանը՝ Ղարաբաղեան Ճակատին

by MassisPost

Իսրայէլեան «Rafael» ընկերութիւնը Փարիզի օդային ցուցադրութեան առաջին անգամ ներկայացուցած է «Spike» հակաթանկային հրթիռի նորացուած տարբերակը, կը յայտնէ «The Jerusalem Post»-ը: Թերթը կը գրէ, որ հրթիռը փորձարկուած է Իսրայէլի մէջ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ ղարաբաղեան ճակատին:

Հրթիռի խոցման հեռահարութիւնը գետնէն արձակելու պարագային 5.5 քմ է, ինքնաթիռէն բաց արձակելու պարագային՝ 10 քմ:

Սփայքը կրնայ մշակել ազդանշանները եւ հետեւիլ տարբեր թիրախներու: Տեսաազդանշաններու մշակման համակարգին մէջ օգտագործուած են արհեստական բանականութեան տարրեր, որու շնորհիւ հնարաւոր կը դառնայ տեսադաշտէն կորսուած մարմիններուն հետեւիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment