Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմութիւնը կը Պնդաէ Որ Վարչապետը Նշանակուած է Սահմանադրութեան Խախտմամբ

Ընդդիմութիւնը կը Պնդաէ Որ Վարչապետը Նշանակուած է Սահմանադրութեան Խախտմամբ

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքի պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի պնդմամբ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանը Սահմանադրութեան պահանջներու խախտմամբ 18 Մայիսին վարչապետ վերանշանակած է Կարէն Կարապետեանին, քանի որ այդ որոշման համար չէ խորհրդակցած ԱԺ բոլոր խմբակցութիւններու հետ, ինչը պատգամաւորի պնդմամբ՝ պարտադիր պահանջ է։

Նշելով, որ «Ելք» դաշինքի հետ որեւէ քննարկում չէ եղած՝ Մարուքեանը յիշեցուցած է․ – «Ես նախկինում եղել եմ անկախ պատգամաւոր, ես յիշում եմ, որ խմբակցութիւնների հետ այդպիսի խորհրդակցութիւններ եղել են նշանակումից առաջ եւ պէտք է հիմա էլ լինէր, բայց չի եղել»:

Վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի օրը Կառավարութիւնը Սահմանադրութեան պահանջով հրաժարական ներկայացուցած էր: Նոյն օրը Սերժ Սարգսեանը Կարէն Կարապետեանին վերանշանակած էր վարչապետ, թէեւ Սահմանադրութեան համաձայն այդ մէկը կրնար ընել տասնօրեայ ժամկէտի մէջ: Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտը, որուն յղումը ըրած է «Ելք»-ի պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը, կը սահմանէ՝ եթէ խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւնները անհնարին են, ապա նախագահը վարչապետ կը նշանակէ առաւել թիւով պատգամաւորներու հաւանութեան արժանացած անձին։ Մարուքեանը նկատած է՝ ընդդիմութեան դերակատարութիւնը մեծցնելու մասին խօսող Սերժ Սարգսեանը կրնար, թէկուզ ձեւականօրէն պահպանել ընդդիմադիրներու հետ խորհրդակցելու պահանջը: «Ելք» խմբակցութիւնը, միեւնոյնն է, նախագահի որոշման վրայ ազդել չէր կրնար:

Խորհրդարանին մէջ մեծութեամբ երկրորդ ուժի՝ ընդդիմադիր «Ծառուկեան» դաշինքի պատգամաւոր, ԱԺ փոխնախագահ Միքայէլ Մելքումեանի խօսքով, վարչապետ նշանակելու հարցին մէջ Սերժ Սարգսեանը չէ խորհրդակցած նաեւ իրենց խմբակցութեան հետ։

ԱԺ խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւն չկայ նաեւ նախագահի պաշտօնական կայքէջին մէջ։ Հանրապետականներու գործընկեր Դաշնակցութիւնը, ըստ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի, խորհրդակցութիւն ունեցած է նախագահի հետ։ «Ազատութեան» հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին, սակայն, Վարդանեանը չյստակեցուց, թէ երբ եւ ինչ ձեւաչափով  եղած է այդ խորհրդակցութիւնը։

Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը ընդունած է՝ բոլորի հետ չէ խորհրդակցած, սակայն ատոր համար, ըստ անոր,  առարկայական  պատճառներ կային․ – «Դա պարզապէս անհնարին էր, որովհետեւ ամսի 18-ին դեռ խմբակցութիւնները ձեւաւորուած չէին»:

Էտմոն Մարուքեանը հակադարձած է․ – «Հենց այդ փաստարկը գալիս է ապացուցելու, որ եթէ խմբակցութիւնները չեն ձեւաւորուել, պէտք է սպասել ձեւաւորուէին, նոր քննարկում անել, ոչ թէ ընդհակառակը»:

Կ’ակնկալուի, որ յառաջիկայ օրերուն վարչապետ Կարէն Կարապետեանը նոր խորհրդարանին կը ներկայացնէ Կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններու հարցը։ Ընդդիմադիր Էտմոն Մարուքեանը կը պատրաստուի վարչապետի նշանակման հարցը բարձրացնել նաեւ այդ նիստին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment