Ամերիկեան Forbes-ի յունիսեան թիւի շապիկին ամերիկեան Ani & Alex ոսկերչական ապրանքանիշի հիմնադիր Քերոլայն Ռաֆայէլեանն է:
Ամերիկահայ ձեւաւորող, բարերար եւ գործարար Քերոլայն Ռաֆայէլեան ներառուած է Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ կանանց Forbes-ի ցանկին մէջ, որոնք ինքնուրոյն վաստակած են իրենց կարողութիւնը:
Ռաֆայէլեան տարեկան 10 միլիոն տոլար կը վաստակէ` 33 դոլարնոց ապարանջաններ վաճառելով: Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի, որ ընկերութեան եկամուտին 80%-ը առանձնայատուկ ապարանջաններն են, որոնց ձեւաւորումներուն վրայ աշխատած է ինքը՝ Ռաֆայէլեանը:
Forbes կը նշէ, որ 50-ամեայ հայուհիին կը պատկանի ոսկերչական ապրանքանիշի բաժնետոմսերուն 80 տոկոսը, որոնք կը գնահատուին առնուազն 1,2 միլիառ տոլար:
Ըստ կանխատեսումներու, 2020-ին Ռաֆայէլեանի հիմնած ապրանքանիշը կրնայ լուրջ մրցակից դառնալ յայտնի Pandora ապրանքանիշին, որ ոսկերչական զարդերու համաշխարհային շուկայի առաջատարն է:
Ռաֆայէլեան նաեւ ընդգրկուած է «Աշխարհի ամենաուժեղ 50 կանանց» ցանկին մէջ, ըստ ամերիկեան Working Together ամսագիրին: Անոր կարողութիւնը 700 միլիոն տոլար է: Ան կը համարուի աշխարհի ամենահարուստ հայուհին:
2004-ին Ռաֆայէլեան հիմնած է Alex & Ani ընկերութիւնը, անուանելով զայն իր դուստրերուն պատուին եւ ստանձնելով Ռոտ Այլընդի մէջ գործող հօր ոսկերչական գործարանի զարգացումը: Ան սկսած է կենդանակերպի նշաններով ապարանջաններու արտադրութիւն, որ դարձած է անոր ապրանքանիշին հիմնական արտադրութիւնը: 2010-ին ընկերութեան եկամուտը կազմած է մօտ $4.5 միլիոն: 2015-ին վաճառքի ծաւալները հասած են $500 միլիոնի, որուն շնորհիւ 49-ամեայ գործարարը յայտնուած է Forbes-ի ամենայաջողակ գործարար կիներու ցանկին մէջ: