Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ՊԲ-ն Դիմած է Կանխարգելիչ Գործողութիւններու. Ատրպէյճանական Կողմը Կորուստներ Ունի

Արցախի ՊԲ-ն Դիմած է Կանխարգելիչ Գործողութիւններու. Ատրպէյճանական Կողմը Կորուստներ Ունի

by MassisPost

Ի պատասխան արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին Մայիս 16-ի լոյս 17-ի գիշերը հակառակորդի դրսեւորած աշխուժութեան, Պաշտպանութեան բանակի մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուող ստորաբաժանումները ձեռնարկած են կանխարգելիչ գործողութիւններու, որուն արդիւնքում, ըստ ՊԲ համապատասխան ծառայութիւններու տրամադրութեան տակ եղած հաւաստի տուեալներու, Ատրպէյճանի բանակը կրած է կորուստներ:

Արցախի ՊԲ-ն կը ներկայացնէ գործողութեան տեսագրութիւնը:

Աւելի վաղ Արցախի ՊԲ-էն NEWS.am-ին յայտնած էին, որ 16 մայիսին եւ լոյս 17-ի գիշերը արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ,  հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած էր մօտ 60 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 900 կրակոց: Բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ կիրառած է 82 (4 արկ) եւ 120 միլիմեթրանոց ականանետեր (17 արկ), իսկ հիւսիսարեւելեան հատուածին՝ 60 (4 արկ) եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետեր (15 արկ) ու հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետ (5 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար դիմած էին պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած է իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment