Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Տարածքներ` Խաղաղութեան Դիմաց» Տրամաբանութեամբ Լուծումը Հնարաւոր է․ Մամետեարով

«Տարածքներ` Խաղաղութեան Դիմաց» Տրամաբանութեամբ Լուծումը Հնարաւոր է․ Մամետեարով

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան կը հակադարձէ` «Ապրիլ 28-ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման բովանդակութիւնը արտացոլուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն մէջ»:

«Մոսկովեան հանդիպումէն ետք մօտս այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ տարածքներէն հայկական զօրքերը դուրս հանելուն դիմաց խաղաղութեան հաստատումը հնարաւոր է, այլ կերպով՝ տարածքներ` խաղութեան դիմաց տրամաբանութեամբ»: Այսօր նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար էլմար Մամետեարով` աւելցնելով, թէ հնարաւոր կը համարէ երկու [Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի] երկիրներու արտաքին գործոց նախարաներու նոր հանդիպումը:

Մամետեարով նաեւ ըսած է, թէ վերջին 12 տարիներուն բանակցութիւններու տրամաբանութիւնը ատիկա է, ընգծելով` բանակցութիւններ չեն ըլլար միայն բանակցութիւներու համար: «Բոլորին պարզ է, որ Հայաստան պէտք է դուրս հանէ իր զօրքերը Ատրպէյճանի տարածքներէն»,- ըսած է ան: Հայաստանի ԱԳՆ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, մինչդեռ, կը նշէ․

«Ապրիլ 28-ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման բովանդակութիւնը արտացոլուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն մէջ: Ի միջի այլոց, կը նախատեսուէր, որ համանման բովանդակութեան հաղորդագրութիւն մը պէտք է հրապարակէր նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ինչ որ տեղի չունեցաւ, եւ ատոր տրամաբանական շարունակութիւնն էր, որ ատրպէյճանական կողմը հանդէս կու գայ այլեւայլ մեկնաբանութիւններով»: Մոսկուայի մէջ Ապրիլ 28-ին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներուն հանդիպումը տեղի ունեցած էր ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ:

Նշենք, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները հերթական տարածաշրջանային այցը պէտք է կատարեն յառաջիկայ յունիսին կամ յուլիսին: Այդ մասին յայտարարած է Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլանտ, ընդգծելով` «կողմերը պէտք է ոչ միայն վերահաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը հրադադարի պահպանման, այլեւ նշեն` ինչպէս իրենք կեանքի պիտի կոչեն վստահութեան ամրապնդման խիստ անհրաժեշտ միջոցառումները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր անցեալ տարի Վիեննայի, ապա` Ս․ Փեթերզպուրկի մէջ:

«Երբ հասնինք այդ բանակցութիւններուն, մենք կրնանք արդէն սեղանին դնել գործնական հարցերու շատ աւելի ընդարձակ ցանկ, որ կը սկսի օգուտներ բերել երկու կողմին ալ: Անոնք կը ներառնեն տնտեսական ու առեւտրային նախաձեռնութիւններ` տարածաշրջանային ուժանիւթի ու փոխադրամիջոցները զարգացնելու ու վերականգնելու, զբօսաշրջութիւնն ու ժողովուրդներու միջեւ շփումները խթանելու ուղղութեամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment