Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԿԸՀ-ն Հրապարակեց է Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքները. ՀՀԿ-ն Ստացաւ 71.25%

ԿԸՀ-ն Հրապարակեց է Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքները. ՀՀԿ-ն Ստացաւ 71.25%

by MassisPost

Երեւանի 800 հազարէն աւելի ընտրողներէն քուէարկութեան մասնակցած է շուրջ 345 հազարը կամ մօտ 41 տոկոսը: 2013 թուականին այդ ցուցանիշը կազմած էր 53,5 տոկոս:

Ընտրողներու մեծամասնութիւնը՝ 71,25 տոկոսը քուէարկած է յօգուտ իշխող Հանրապետականի, որու քաղաքապետի թեկնածուն 2011 թուականէն Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը զբաղեցնող Տարօն Մարգարեանն է: Ընտրողներու 21 տոկոսը ձայն տուած է «Ելք» դաշինքին, որու քաղաքապետի թեկնածուն Նիկոլ Փաշինեանն է: 7,75 տոկոսն ալ քուէարկած է Զարուհի Փոսթանճեանի՝ վերջերս հիմնադրած «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան օգտին: Եթէ նախնական արդիւնքները լուրջ փոփոխութիւններու չենթարկուին, ապա մայրաքաղաքի 65 հոգինոց աւագանիին մէջ Հանրապետականը կ’ունենայ 46, «Ելք»-ը 14, իսկ «Երկիր Ծիրանին» 5 մանդատ:

Վերջնական արդիւնքները ԿԸՀ-ն պիտի ամփոփէ յաջորդ շաբաթ, մինչ այդ, յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը խուսափած է յաւելեալ մեկնաբանութիւններէ․ «Մենք հաշուարկ չենք իրականացրել շատ պարզ պատճառով՝ որովհետեւ մինչեւ ընտրութիւնների վերջնական ամփոփումը կայ ժամկէտ, այդ ժամկէտը նախատեսուած է դիմում-բողոքներ ներկայացնելու, գրանցամատեաններում կատարուած գրառումներն ուսումնասիրելու եւ դրանցով համապատասխան որոշումներ կայացնելու համար: Երբ վերջնական արդիւնքների արձանագրութիւնը կը կազմուի, այդ ժամանակ արդէն, համապատասխանաբար, նաեւ մանդատների բաշխումը կ’իրականացուի»,- ըսած է ԿԸՀ նախագահը:

Աւագանիի այս ընտրութիւններուն  համեմատաբար ցած էր մասնակցութիւնը․ եթէ 2013 թուականին ընտրութեան  գնացած էր գրեթէ 440 հազար քաղաքացի՝ ընտրողներու 53,5 տոկոսը, ապա այս անգամ քուէարկութեան մասնակիցներու թիւը գրեթէ 92 հազարով պակաս եղած է՝ աւելի քան 800 հազար ընտրողներու միայն 41 տոկոսը  քուէարկած է: Մուկուչեանը այս մէկը կը կապէ ընտրութիւններուն միայն երեք քաղաքական ուժի մասնակցութեան հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment