Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զարուհի Փոսթանճեան Դէմ Է Փաշինեանի Հետ Միանալուն

Զարուհի Փոսթանճեան Դէմ Է Փաշինեանի Հետ Միանալուն

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունինք տարբեր գաղափարախօսութիւններ, չեն համընկնիր ոչ գաղափարախօսութիւնը, ոչ սկզբունքները, ոչ ծրագիրը. Մենք կ’երթանք գրաւելու քաղաքապետարանը, մեծամասնութիւն պիտի կազմենք եւ իհարկէ պիտի տապալենք ՀՀԿ-ն: Այս մասին Մայիս 2-ին Սարի թաղի մէջ նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ, Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Զարուհի Փոսթանճեանը` անդրադառնալով «Դէմ եմ Հանրապետականին» նախաձեռնութեան առաջարկին` միանալ «Ելք»-ի հետ եւ յաղթել ընտրութիւններուն:

«Ով ուզում է մեզ միանալ, մենք մեծ սիրով նրանց կ’ընդունենք, որովհետեւ մենք գնում ենք գրաւելու: Իսկ այնտեղ արդէն, եթէ հնարաւոր լինի համագործակցութեան մեր սկզբունքների, գաղափարների շուրջ, մենք դա կ’անենք: Փաշինեանն արդէն իսկ պատգամաւոր է, նա պահանջուած է խորհրդարանում: Իսկ ես դառնում եմ քաղաքապետ եւ ազատագրումն սկսում եմ Երեւանից»,-յայտարարած է Փոսթանճեան:

Աւելի վաղ NEWS.am-ը յայտնած էր, որ «Դէմ եմ Հանրապետականին» նախաձեռնութիւնը կոչ ըրած է «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ, քաղաքապետի թեկնածու Զարուհի Փոսթանճեանին ու «Ելք» դաշինքով քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեանին` միաւորուիլ: Ըստ նախաձեռնութեան` այդ պարագային մեծ կ’ըլլայ գալիք աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ի չյաղթելու հաւանականութիւնը:

Նշենք, որ միաւորուելու մասին յայտարարելու վերջնաժամկէտը 4 Մայիսն է:

Նախաձեռնութեան պատրաստած տեսահոլովակին մէջ կը նշուի, որ «Ելք»-ը եւ «Երկիր Ծիրանի»ն կրնան ընտրութիւններուն քուէներու 51 տոկոսը ստանալ, սակայն օրէնսդրութիւնը թոյլ չի տար  դաշինք  կազմել: Փոխարէնը քաղաքապետ կը նշանակէ այն ուժը, որ 40 տոկոսէն աւելի ձայն կը ստանայ. Այսինքն եթէ «Ելք»-ը եւ «Երկիր Ծիրանի»ն 30-ական տոկոս ձայն ստանան, քաղաքապետ կը նշանակի 40 տոկոս ստացած ՀՀԿ-ն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment