Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Երեւանի Շարժանկարի Սրահներուն Մէջ «Խոստումը» ֆիլմի Տոմսերը Սպառած են

Երեւանի Շարժանկարի Սրահներուն Մէջ «Խոստումը» ֆիլմի Տոմսերը Սպառած են

by MassisPost

Երեւանի  շարժանկարի սրահներուն մէջ երէկուընէ սկսած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութիւնը։ Ինչպէս «Ա1+»-ին տեղեկացուցած է «Սինեմասթար» շարժանկարի սրահի մարքէթինկի բաժնի ղեկավար Գոհար Նալպանտեանը, արդէն առաւօտեան 10.30-ի ցուցադրութեան տոմսերը գրեթէ 60 տոկոսով սպառած եղած են։ Իսկ երեկոյեան ցուցադրութիւններու տոմսերը սպառած են աւելի քան 90 տոկոսով։ Ընդ որում՝ հետաքրքրութիւնը հաւասարաչափ մեծ է թէ՛ հայերէն, թէ՛ ռուսերէն, թէ՛ անգլերէն ցուցադրութիւններու նկատմամբ։ «Նման հետաքրքրութիւն սովորաբար առաջացնում են հոլիվուտեան ֆիլմերը, սակայն աննախադէպ է, որ հանդիսատեսի նման հոսքը սկսւում է վաղ առաւօտից։ Սովորաբար հանդիսատեսը երեկոյեան ժամերին է առաւել շատ յաճախում կինոթատրոն»։

«Մոսկուա» շարժանկարի սրահի տեղեկատուութեան բաժնէն եւս տեղեկացուցած են, որ ֆիլմի երէկուայ ցուցադրութեան բոլոր ժամերու ցուցադրութիւններու տոմսերը գրեթէ սպառած են։  «Մենք կարծում էինք, որ անգլերէն ցուցադրութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կարող է աւելի քիչ լինել, սակայն այդ ցուցադրութեան նկատմամբ եւս հետաքրքրութիւնը բաւական մեծ է»։

«Խոստում» ֆիլմը ստեղծուած է ամերիկահայ միլիառատէր Քըրք Քըրքորեանի ֆինանսական աջակցութեամբ։ Ֆիլմի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը (փրեմիերան) տեղի ունեցած է 21 Ապրիլին։ Ռուսաստանի մէջ նոյնպէս ֆիլմի ցուցադրութիւնը պիտի սկսի 27 Ապրիլին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment