Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բագրատ Էսթուքեան,- Թուրքիոյ Հայ Համայնքը Հիմնական «Ոչ» Քուէարկած է

Բագրատ Էսթուքեան,- Թուրքիոյ Հայ Համայնքը Հիմնական «Ոչ» Քուէարկած է

by MassisPost
Bagrat Estukyan,

«Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան

Թուրքիոյ մէջ իրականացուած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն ոչ մէկ կերպ կարելի չէ բարեփոխում անուանել: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնած է Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանը՝ աւելցնելով, որ հանրաքուէի արդիւնքով նախագահը միահեծան իշխանութիւն պիտի ունենայ:

«Այս ամէնի արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ Թուրքիոյ մէջ բռնապետական իշխանութիւն պիտի հաստատուի, ուստի որեւէ կերպ սահմանադրական հանրաքուէն բարեփոխում կարելի չէ անուանել»,- ըսած է ան:

Բագրատ Էսթուքեան նշած է, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը դէմ արտայայտուած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն, եւ բոլորը «ոչ» քուէարկած են: «Բայց, ցաւօք, «այո»-ն յաղթեց, ինչը սպասելի էր: Այս ամէնէն ետք երկրի մէջ քաղաքական իրավիճակը աւելի  բարդ պիտի ըլլայ»,- նշած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի գլխաւոր խմբագիրը:

Հարցին, թէ ինչ է պատճառը, որ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ ընտրողները հիմնական դէմ արտայայտուած են սահմանադրական փոփոխութիւններուն, Էսթուքեան պատասխանած է, որ հիմնական պատճառը այն է, որ Թուրքիան միատարր պետութիւն չէ: «Թուրքիոյ մէջ կան ազգային փոքրամասնութիւններ, տարբեր կրօնական դաւանանք ունեցող մարդիկ: Օրինակ Տէրսիմի մէջ, որ հիմնական ալեւիներով բնակեցուած քաղաք է, 80 տոկոսով յաղթած է «ոչ»-ը: Եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ քրիստոնեայ բնակչութիւնը հիմնական դէմ  արտայայտուած է առաջարկուող փոփոխութիւններուն: Այսպէս կարելի է բացատրել Թուրքիոյ տարբեր տարածքներուն մէջ քուէարկութեան տարբերութիւնները»,- եզրափակած է Բագրատ Էսթուքեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment