Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Ընդդիմութիւնը կը Վիճարկէ Հանրաքուէի Արդիւնքները, Իշխանութիւնը Յաղթանակ կը Տօնէ

Թրքական Ընդդիմութիւնը կը Վիճարկէ Հանրաքուէի Արդիւնքները, Իշխանութիւնը Յաղթանակ կը Տօնէ

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդա-Հանրապետական կուսակցութիւնը կը յայտարարած է, որ երէկ տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէի արդիւնքները իրական պատկերը չեն արտացոլեր, քանի որ քաղաքացիներու առնուազն 50 տոկոսը «ոչ» ըսած է նոր Սահմանադրութեան:

Նախնական արդիւնքներու համաձայն, Թուրքիոյ քաղաքացիներու 51,4 տոկոսը քուէարկած է «այո»-ի, իսկ 48,6 տոկոսը՝ «ոչ»-ի օգտին: Հանրաքուէին մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցողներու աւելի քան 85 տոկոսը` շուրջ 50 միլիոն քաղաքացի:

Ընդդիմութեան առաջնորդ Քէմալ Քըլըճտարօղլուն յայտարարած է, որ պիտի պահանջեն ձայներու շուրջ 60 տոկոսի վերահաշուարկ: Ընդդիմութեան գլխաւոր առարկութիւնը Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովի որոշումն է, որու համաձայն, ընտրական յանձնաժողովներու կողմէ չկնքուած քուէաթերթիկները եւս վաւեր  համարուած են:

Ի պատասխան, Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սատի Կիւվէն յայտարարած է, թէ նման որոշում եղած է նաեւ նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ, եւ արդար չէր ըլլար թեխնիքական անփութութեան պատճառով անվաւեր ճանչնալ քաղաքացիներու ձայները:

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ` սահմանադրական հանրաքուէի վերջնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին 11-12 օրէն: Մինչ այդ, սահմանադրական փոփոխութիւնները նախաձեռնած՝ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում», ինչպէս նաեւ նոր Սահմանադրութեան կողմնակից «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնները կը տօնեն իրենց յաղթանակը: Երէկ երեկոյեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ելոյթ ունենալով իր համակիրներու առջեւ, յայտարարած է, թէ 16 ապրիլը «ողջ Թուրքիոյ յաղթանակն է»:

Թուրքիոյ որոշ թերթերու գլխագրերը երէկ եւս ազդարարած են նոր Սահմանադրութեան յաղթանակը: «Եէնի Շաֆաք», «Միլլիյէթ» թերթերը «այո»-ի յաղթանակը Թուրքիոյ յաղթանակ համարած են: «Հապէր Թիւրքը» գրած է, թէ յաղթած է Էրտողանը: Մինչդեռ՝ ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» պարբերականը քուէարկութեան արդիւնքները վիճելի համարած է: «Սապահ» թերթն ալ այս հանրաքուէն «ժողովրդական յեղաշրջում» որակած է:

Արեւմուտքը «մտահոգիչ» համարած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքները: «Հանրաքուէն չէր համապատասխաներ Եւրոպայի խորհուրդի չափանիշներուն»,- երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին յայտարարած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Սէզար Ֆլորին Պրետան: Միջազգային դիտորդներու գնահատմամբ՝ հանրաքուէն անհաւասար պայմաններու մէջ իրականացուած է, եւ լրատուամիջոցները աւելի շատ տեղի տուած են «այո»-ի քարոզարշաւին: Միջազգային դիտորդները անընդունելի համարած են նաեւ Գերագոյն ընտրական յանձնաժողովի` չկնքուած քուէաթերթիկները վաւեր ճանչնալու մասին՝ վերջին պահին կայացուած որոշումը:

Երէկ երեկոյեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ անվտանգութեան խորհուրդի, ապա եւ նախարարներու խորհուրդի նիստ հրաւիրած է: Թրքական մամուլը կը գրէ, թէ այդ նիստերու ժամանակ պիտի քննարկուի յուլիսեան յեղաշրջման փորձէն ետք երկրի մէջ գործող արտակարգ դրութիւնը երրորդ անգամ երկարաձգելու հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment