Ժամանակակից հայ նկարչական արուեստի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն` Շմաւոն Շմաւոնեանի չորս տասնեակ մը ստեղծագործութեանց ծանօթացանք Մարտի 10ին, 2017 Փասատինայի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ:
Արդարեւ, արուեստասէրներու ընտրանի հասարակութիւն մը փութացած էր սրահ, մօտէն ծանօթանալու տաղանդաւոր նկարիչի երանգապնակի գունագեղ պաստառներուն:
Շմաւոն Շմաւոնեանի երկօրեայ ցուցահանդէսի բացման օրը ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ծանօթ լրագրող Օշին Քէշիշեան եւ Միքայէլ Եուսուֆեան, որոնք բարձր գնահատեցին Շ. Շմաւոնեանի ստեղծագործական արժանիքները:
Լոս Անճելոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ հիւպատոսի փոխանորդ տիար Վալերի Մկրտումեան այս առթիւ ելոյթ ունենալով դրուատեց Շմաւոն Շմաւոնեանի մեծ ներդրումը նկարչական արուեստին մէջ, որուն հանրաճանաչ գործերը մեծ վարկ կը վայելեն թէ Մայր Հայրենիքի, թէ սփիւռքի եւ թէ արտասահմանեան այլ քաղաքներու մէջ: Այնուհետեւ Պր. Վ. Մկրտումեան Հայաստանի Աւագ հիւպատոսութեան պաշտօնական շնորհաւորագիրը յանձնեց Շմաւոն Շմաւոնեանին:
Ցուցադրութեան դրուած գրեթէ բոլոր նկարներուն մէջ մենք տեսանք Շմաւոն Շմաւոնեանի ներշնչանքի աղբիւրն եղող հայրենի բնութիւնը, գեղածիծաղ դաշտերը, գարնանային սարալանջերը, գետերն ու կամուրջները, ձիւնածածկ խրճիթներն ու հեզաճկուն պարուհիները: Նկարչի ոճային առանձնայատկութիւններէն է ինքնատպութիւնը, զոր կը տեսնենք քիչ մը ամէն տեղ, յատկապէս Ծաղիկներ Ծաղկամանի մէջՙ, «Արարատը Դուինից», «Գետ» եւայլն: Մէկ խօսքով նորանկախ հայրենիքն է իր ապագայի վառ երազներով…
Շմաւոն Շմաւոնեան ծնած է 1953ին Արտաշատի մէջ: Նկարելու սկսած է եօթ տարեկանին: 1971-75 ուսանած է Երեւանի Թերլեմեզեանի անուան նկարչութեան դպրոցին մէջ: Իր առաջին իւղաներկը գնուած է Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ Երեւանի ազգային պատկերասրահին համար (1979): Ան մասնակցած է հաւաքական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու Մոսկուա եւ Սէն Փեթերսպուրկ: Անհատական ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է Իսթանպուլ (1992), Ֆրանսա (1995), Պէյրութ եւ Անգլիա (1996), Քուէյթ (1998), իսկ ԱՄՆի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Փասատինա (1999):
Շմաւոն Շմաւոնեան մարդասիրական եւ բարեսիրական գործերով ալ հանդէս եկած է: Այսպէս իր «Յաւերժութիւն» մեծադիր իւղաներկը նուիրած է Կլէնտէյլի քաղաքապետարանին, նոյնպիսի իւղանկար մը նուիրած է Միշըն Հիլզի Providence Holy Cross Medical Center հիւանդանոցին, ինչպէս նաեւ չորս այլ հիւանդանոցներու:
2016ի Փետրուարի 10ին յատուկ արարողակարգով մը Շմաւոն Շմաւոնեանի «Քաղաքապետարանՙ իւղաներկը նուիրուած է Փասատինայի Քաղաքապետութեան, որ իր հերթին զետեղուած է 1927ին կառուցուած հանրային գրադարանի Տանըլտ Ռայթ հանդիսասրահին մէջ:
Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին նուիրուած կարեւոր իւղաներկերէն մին է Շմաւոն Շմաւոնեանի ՚Երգ Երգոցՙ գործը, որուն համար պարգեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալով:
2011 թուականին Շմաւոն Շմաւոնեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով արժանացած է վաստակաւոր արուեստագէտի պատուոյ շքանշանին: Իսկ Երեւան քաղաքի հիմնադրութեան 2798րդ տարեդարձին առթիւ 2016 թուականի Հոկտեմբերին, արժանացած է ոսկէմետալի առ ի գնահատանք իր համայնքային ծառայութեանց: Պարգեւատրուած է նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան ոսկէմետալով:
Գալիֆորնիոյ Երեսփոխանական Ժողովն ալ առանձին հռչակագիրով մը պատուած է Շմաւոն Շմաւոնեանին Գափիթոլին շէնքին իր նուիրած գեղանկարին համար:
Պատիւս արժանաւորաց
Նորանոր յաջողութիւններ հայրենի անուանի նկարիչին:
Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ